
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք անհամբեր կը սպասէ նախագահական ընտրութեան:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու իմաստով գործնական նուազագոյն համոզումին յանգին:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան բոլորին կը պատկանի եւ առանձնացած փղոսկրեայ ամրոց մը չէ: «Լիբանանի պահպանումը օտարին հետ կապերէն եւ խոստացուած յանձնառութիւններէն շատ աւելի կարեւոր է», ըսաւ ան:


