Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոչ Կ՛ուղղենք Արաբական Պետութիւններուն Չլքելու Լիբանանը Եւ Կը Հաստատենք Արաբական Համախոհութեան Հանդէպ Մեր Զօրակցութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

March 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Salam_Arabia_030816

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի Հըննիէ գիւղաքաղաքին կարիքները:

Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Սալամ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն, ընդգծելով, որ անոնք պիտի շարունակուին եւ հետզհետէ ամրապնդուին:

«Իսկ երբ մենք զգանք, թէ Ծոցի երկիրներուն մէջ արաբ մեր եղբայրները այս կամ այն ձեւով վնասուած են, կը փութանք բարելաւելու այդ կեցուածքները եւ սրբագրելու ընթացքը», նշեց Սալամ:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան իր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան մէջ չէ յաջողած, աւելցնելով, որ Հըզպալլա երկիրը բաղկացնող քաղաքական ուժ է եւ Իսրայէլի դիմադրելու իմաստով հիմնական դերակատարութիւն ունի: «Սակայն Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանէն դուրս արձանագրուող պատերազմին մասնակցութիւնը վնաս հասցուցած է Լիբանանին, եւ հետեւաբար անկէ կը պահանջուի վերջ տալ այդ ընթացքին ու վերադառնալ Լիբանան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն դէմ ցեխարձակումներ չկատարելու, աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան պարագային որոշում տալու հոլովոյթը համախոհութիւն կ՛ենթադրէ:

«Կոչ կ՛ուղղենք արաբական պետութիւններուն` չլքելու Լիբանանը, որուն ընտրանքը պետութիւնն է եւ ոչ թէ զէնքը: Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար: Իսկ արաբական համախոհութեան իմաստով մենք մնայուն կերպով կը զօրակցինք այդ համախոհութեան եւ երբեք վերապահութիւն չենք կրնար ունենալ այդ իմաստով», շեշտեց Սալամ:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն գնով պէտք է պահպանել, աւելցնելով, որ Պէյրութ տակաւին կարիք ունի իր արաբ եղբայրներուն զօրակցութեան եւ օժանդակութեան` ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը շարունակելու համար:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնը դժուարութիւնները հարթելու միակ միջոցն է, նոյնիսկ եթէ անոր արդիւնքները սահմանափակ են: «Այդ երկխօսութեան արդիւնքներէն է նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելու առումով գոյացած համաձայնութիւնը», շեշտեց Սալամ:

 

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Զուգահեռ Պէտք Է Կատարել Նաեւ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Յաջորդը

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.