Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամներ Թալլի Մէջ Լարեցին Վրաններ

Մարտ 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tripoli_tal_030916

Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ երէկ Թրիփոլիի Թալլ շրջանի հրապարակին վրայ լարեցին վրաններ` բողոքելու համար այդ շրջանին մէջ կառատուն մը սարքելու ծրագիրին դէմ:

Անոնք կոչ ուղղեցին բանակի հրամանատարութեան եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն միջամուխ չդառնալու իրենց շարժումին, որ Թրիփոլիի բնակիչներուն միջեւ ներքին հարց կը նկատուի:

Միւս կողմէ, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի անդամները երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ աղբերը վերածուած են քաղցկեղ պատճառող նիւթերու, իսկ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները կը շարունակեն լիբանանցիներուն առողջութեան դէմ ոճիր գործել:

«Մենք պահանջած ենք եւ կը շարունակենք պահանջել, որ աղբի տագնապին առողջապահական եւ թափանցիկ լուծումներ գտնուին, սակայն կառավարութեան կողմէ ճիգ տարուած է մեզ խաբելու, ինչպէս նաեւ զրպարտութիւններ կատարուած են մեզ լուռ պահելու իմաստով», շեշտեցին անոնք:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները հաստատեցին, որ բոլոր լիբանանցիներուն առողջութիւնը վտանգի ենթարկուած է, որովհետեւ Լիբանան բաց աղբանոցի մը վերածուած է:

Անոնք երկրին իշխանութիւններուն ճշդեցին ժամկէտ մը, որ կ՛աւարտի շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին` ընդգծելով, որ եթէ մինչ այդ աղբի տագնապին լուծում չգտնուի, ապա իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:

Անոնք հաստատեցին, որ շաբաթ օր պիտի ուղղուին փողոց` պահանջելու իրենց իրաւունքները:

Նախորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Քաայի Եւ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

Յաջորդը

Ժրէյժ Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

Դեկտեմբեր 13, 2025
ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ  Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

Դեկտեմբեր 13, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի  Պատուիրակութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի Պատուիրակութիւնը

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?