Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Նիստին Եւ Ընդունեց Ծոցի Երկիրներուն Դեսպանները

March 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապի լուծման յատուկ նիստի մը:

Նիստէն մէկուկէս ժամ ետք, նախարարաց յանձնախումբին միացաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի կողմէ գործուղուած պատուիրակ մը` նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտին, քննարկելու համար Քոսթապրաւայի աղբանոցին այլընտրանքը:

Նիստին զուգահեռ քաղաքացիական ընկերութեան անդամ երիտասարդներ երէկ երեկոյեան «Հըլու» ոստիկանատունէն ջահարշաւ մը կատարեցին դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր անոնք փորձեցին վարչապետարանին շրջակայքը գտնուող փշաթելերը հեռացնել:

Վարչապետարանի Այցելուները

Pr-Salam-The-Gulf-Ambassadors_030916

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Օմանի Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն հետ:

Հանդիպումէն ետք Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք շօշափած են վարչապետ Սալամի յանձնառութիւնը` Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ անոր նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները արգելակող բոլոր խոչընդոտները վերացնելու առումով:

Քանայի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր  արժանապատիւ լիբանանցի պիտի արժանանայ Ծոցի երկիրներուն ազնիւ վերաբերումին:

«Վարչապետ Սալամ մեր պետութիւններուն յստակ պատգամ մը յղեց, իսկ մենք կը հաստատենք, որ Ծոցի երկիրները յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն ամրապնդումին: Ծոցի երկիրներուն հետ հարցեր եւ տարակարծութիւններ չունեցող լիբանանցիներուն դէմ պատժամիջոցներ պիտի չորդեգրեն», շեշտեց Քանայի:

salam_saad_030916

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի այցելեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Սալամի հետ քննարկած է աղբի տագնապը` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական ուժերը կը ջանան լուծել այդ տագնապը:

Հարիրի նշեց, որ աղբի տագնապին լուծման յատուկ նախարարական նիստը պիտի գումարէ իր ժողովը` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է ունենալ մաքուր երկիր մը:

Հարիրի մաղթեց, որ աղբի թղթածրարին լուծումը կարելի դառնայ` նշելով միաժամանակ, որ ինք տարբեր կուսակցութիւններուն հետ հաղորդակցութիւններ կատարած է` լուծման յանգելու իմաստով:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ Սալամի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Պետութիւնը Կրթական Մարզով Չէ Հետաքրքրուած» Շեշտեց Ապու Սաապ

Յաջորդը

Պըրրի Կառավարութեան Ճակատագիրով Չէ Մտահոգուած

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.