Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը երկար պիտի չսպասէ ընտրական օրէնքի մը` աւելցնելով, որ ինք խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, այդ թղթածրարը լուծելու նպատակով:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր հաստատութիւններուն ու բանակին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան` ընդգծելով նաեւ խորհրդարանին գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու վարչապետ Թամմամ Սալամի փորձերը չարգելակելու:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ եթէ իրենք իրենց անձնական շահերուն մասին մտածէին, ապա կառավարութենէն հրաժարած կ՛ըլլային:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը արդիւնք է բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան շարժումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը բաւական մօտալուտ է:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է զգուշանան իրենց երկրին` Լիբանանի դէմ նիւթուող թակարդներէն, որոնք կը միտին հարուածել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ սէուտական վարչակարգը վտանգ կը սպառնայ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով գործնական քայլեր առնուած են, եւ յստակ ժամկէտ մը ճշդուած է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը շարունակէ զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. Թուրքիոյ Կողմէ Սուրիոյ Ուղղութեամբ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Մերժահիունի Կառավարական Հիւանդանոցի Բացում

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?