
Երէկ իր մահկանացուն կնքեց նախկին երեսփոխան Օկիւսթ Պախոս:
Օ. Պախոս ծնած է Պաուշրիէ, 1923-ին: 23 տարեկանին ստանձնած է Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի քաղաքապետի պաշտօնը:
1968-ին Մեթնի շրջանէն ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ապա Ժոզեֆ Մղայզելի, Պասեմ Ժսըրի, Էմիլ Պիթարի եւ Սայիտ Լաունտի հետ հիմնած Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
1972-ին Պախոս ընտրուեցաւ երեսփոխան եւ կազմեց խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական անկախ պլոք մը:
Պախոսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Պաուշրիէի մարոնի համայնքի Ս. Յովհաննու Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, երեքշաբթի, 15 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:


