Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 14-ի Յեղափոխութեան 11-Ամեակը` Մեկնելով Տարբեր Դիտանկիւններէ

March 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

March14.logo

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Մարտ 14-ի յեղափոխութեան 11-ամեակին առիթով կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակներ զետեղեց նահատակ լիբանանցիներու շիրիմներուն: Անոնց շարքին էին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի, Պասել Ֆլէյհան, Սամիր Քասիր, Ժորժ Հաուի, Ժըպրան Թուէյնի, Փիեռ Ժեմայէլ, Ուալիտ Իտօ, Անթուան Ղանեմ, Ֆրանսուա Հաժ, Ուիսամ Իտ, Սամեր Հաննա, Ուիսամ Հասան եւ Մոհամետ Շաթահ:

Ժեմայէլ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պիտի մնանք հաւատարիմ` անոնց նահատակութեան յիշատակին»:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դիմագրաւած տագնապը հանգրուանային է` աւելցնելով, որ այդ տագնապը յառաջացած է նախագահական ընտրութիւններուն պատճառով, եւ ի վերջոյ պիտի աւարտի:

«Ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, պիտի չհրաժարինք Մայրիներու յեղափոխութեան նպատակները իրականացնելէ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ մարտը Քամալ Ժոմպլաթի թափած արեան, Շուֆի նահատակներուն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ ամբողջ Լիբանանի ամիսն է:

Ան շեշտեց նաեւ, որ մարտը լիբանանեան ինթիֆատայի եւ սուրիական յեղափոխութեան ամիսն է: «Մարտը փոթորիկներու եւ երկրաշարժներու, գարնան եւ յոյսի, ինչպէս նաեւ արդարութեան ամիսն է, որքան ալ երկար տեւէ ան», շեշտեց Ժոմպլաթ:

Նշենք, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքները համադրող Ֆարես Սուէյտ իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Անկախութեան յեղափոխութեան պատմական ընտրանքները վերանորոգելու:

Ան նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ապրած այսօրուան իրավիճակը բաւական վտանգաւոր է:

 

Նախորդը

Պըրրի Քահուաժիի Եւ Տահերի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

«Պատրաստեցէք Ձեր Բազուկները. Մեր Նպատակները Իրականացնելու Համար Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.