
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի, 16 մարտին պիտի քննարկէ Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան յատուկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի պատրաստած տեղեկագիրը, որուն ընդմէջէն մեծ պետութիւնները լուսարձակի տակ պիտի առնեն լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Քի Մուն մարտի աւարտին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն հետ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, որ իր կարգին պիտի ուղղուի Նիւ Եորք մասնակցելու համար Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, շաբաթավերջին այցելեց Պնաշհի, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիրը, որ հիմնականին մէջ կը կեդրոնանայ Լիբանանի ապահովական կացութեան, քաղաքական կայունութեան, ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն վրայ:
Քաակ հաստատեց, որ ինք իր խօսքին մէջ պիտի ընդգծէ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով անոր ժխտական ազդեցութիւնը երկրին պետական հաստատութիւններուն վրայ, հակառակ վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերուն:
Քաակ շեշտեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը, ինչպէս նաեւ` երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Քաակ ընդգծեց նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` թեթեւցնելու համար անոր վրայ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած ծանր բեռը:
Միւս կողմէ, Քաակ` շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն մասին իրենք յստակ կեցուածք չունին, ընդգծելով սակայն, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը անհրաժեշտութիւն է:
«Լիբանանի մէջ կը տիրէ ընդհանուր անորոշութիւն, որ կը մտահոգէ լիբանանցիները», ըսաւ Քաակ` շեշտելով, որ իրենք պէտք է գործակցին երկրին ղեկավարներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ լուծումի յանգիլ:
Քաակ նշեց, որ կարեւոր է մատնանշել նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական հսկայական վտանգները, ինչպէս նաեւ` տնտեսական տագնապը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական լուծումը երկխօսութիւնն է եւ երկիրը իր տագնապէն դուրս հանող ղեկավարի մը իշխանութեան հասնելու կարեւորութիւնը:
Քաակ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ` տնտեսական բարգաւաճման, աւելցնելով, որ Լոնտոնի խորհրդաժողովը ֆինանսաւորում պիտի կատարէ` շրջանի երկիրներուն օժանդակութեան նպատակով, «այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ծրագրաւորուած աշխատանք տանի, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութեան` Քաակ ըսաւ, որ այդ մէկը մտահոգիչ է, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչները կրնան հասնիլ Լիբանան եւ հոն եւս կատարել ահաբեկչական գործողութիւններ:
Սահմանային Կապոյտ գիծին մասին Քաակ յայտնեց, որ այդ շրջանին մէջ տիրող կայունութիւնը համեմատական է, որովհետեւ կացութիւնը կը մնայ դիւրաբեկ եւ Լիբանանին ու Իսրայէլի կը պատճառէ հսկայական վնասներ:
«Լիբանանի կացութիւնը մտահոգիչ է, որովհետեւ անիկա վտանգաւոր շրջանի մը մէջ կը գտնուի, անոր կը սպառնայ միջազգային ժիհատը, ինչպէս նաեւ` ծայրայեղականներու գոյութիւնը», ըսաւ Քաակ` աւելցնելով, որ թիւ 1701 բանաձեւին յատուկ տեղեկագիրին մէջ նշուած է, թէ Սուրիոյ պատերազմին լիբանանեան որոշ կողմի մը միջամտութիւնը կը մտահոգէ զիրենք, որովհետեւ ահաբեկիչները այդ միջամտութեան կրնան պատասխանել` թիրախ դարձնելով Լիբանանը:
Քաակ նշեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կացութիւնը իրարու հետ պէտք չէ համեմատել, աւելցնելով, որ Լիբանան իր ներքին քաղաքական հարցերը լուծելու համար չի կրնար Սուրիոյ տագնապին լուծումը սպասել:


