Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Շնորհաւորեց Ապուլ Ղէյթը

March 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եգիպտոսի դեսպանին հետ հանդիպումէն պահ մը
Եգիպտոսի դեսպանին հետ հանդիպումէն պահ մը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով:

Նշենք, որ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին ենթակայ է ապահովական խախտումներու, սակայն ինք որոշած է վերադառնալ, որովհետեւ ոչ ոք աւելի մեծ է, քան իր երկիրը:

Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ նաեւ տնտեսական տագնապի վնասը, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ լիբանանցի երիտասարդներու 30 առ հարիւրին անգործութիւնը:

Քաղաքական տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի նշեց, որ ինք այդ առումով իր ծրագիրը ներկայացուցած է` արագացնելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Ան հաստատեց նաեւ, որ իր պարտականութիւնն է օժանդակել յատկապէս աղբի տագնապին լուծման, որովհետեւ այդ թղթածրարին լուծումը կարեւոր է բոլոր լիբանանցիներուն համար:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք զօրակցութիւն յայտնած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ ինք եղած է առաջինը, որ այդ մասին խօսած է Ֆրենժիէի հետ:

Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ ինք խօսած է նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, սակայն իր դաշնակիցները մերժած են զօրակցիլ անոր թեկնածութեան:

«Ինծի համար կարեւորը Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր վիճակին վերջ տալն է», ըսաւ Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ երեսփոխանները ուղղուին խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը, բացի եթէ ոմանք համոզուած են նախագահական աթոռը թափուր պահելու հարցով:

Հարիրի յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ զօր. Աունի միջեւ հաշտութեան, ինք կառչած կը մնայ Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ եթէ զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու բաւարար քուէներ կան, ապա ինք կ՛ուղղուի խորհրդարան եւ կը շնորհաւորէ զինք:

Հարիրի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցին լուծումը կը գտնուի Հըզպալլայի մօտ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան առաջին օրէն իսկ կարելի պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը:

Իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` Հարիրի ըսաւ. «Ես վերադարձած եմ Լիբանան եւ կը փափաքիմ, որ դուն ալ վերադառնաս եւ սկսիս մտածել միայն Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին»:

Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլան չէ, որ Լիբանանի իշխանութիւնը իւրացուցած է` հաստատելով միաժամանակ, որ ինք սէյիտ Նասրալլայի հետ հանդիպելու իմաստով ոչ մէկ հարց ունի, եթէ անիկա պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

Անդրադառնալով Աշրաֆ Ռիֆիի հրաժարականին` Հարիրի շեշտեց, որ Ռիֆի Մուսթաքպալ հոսանքը կը ներկայացնէ կառավարութեան մէջ` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն չէին անոր հրաժարականին, որովհետեւ չեն որոշած կառավարութեան ստանձնած պատասխանատուութիւններէն հրաժարիլ:

Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ ինք կը պատկանի իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի քաղաքական ուղեգիծին, աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը թիրախ դարձնէ նաեւ Լիբանանը:

Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Հարիրի հաստատեց, որ ինք համաձայն է անոնց կայացման` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ այդ ընտրութիւններուն ընթացքին քրիստոնեայ-իսլամ համահաւասարութիւն արձանագրուի:

Նախորդը

Ժահժահ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Իբրեւ Կազմակերպուածութիւն Լաւ Չեն Զգար, Սակայն Տակաւին Կան»

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ. Պասիլ. «Հըզպալլա Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնական Տարրերէն Մէկն Է Եւ Ընդարձակ Ներկայացուցչութիւն Ունի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.