
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին ճշդուեցան կուսակցութեան վարչական աշխատանքներուն եւ շրջաններուն պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ յայտարարուեցաւ կուսակցութեան քաղաքական ծրագիրը:
Պասիլ յայտնեց, որ այդ ծրագիրին քաղաքական արժէքը այն է, որ անիկա հիմնուած է ուժի վրայ:
Ան նշեց, որ Լիբանանի զօրութիւնը անոր հանրապետութեան հզօր նախագահ մը եւ հզօր բանակ մը ունենալուն մէջ է:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական ծրագիրը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը անկախ գործէ` պաշտպանելով Լիբանանը, յարգելով զայն, ինչպէս նաեւ զայն զերծ կացուցելով բոլոր այն փորձերէն, որոնք կրնան թիրախ դարձնել իր ներքին միասնականութիւնը:
Պասիլ շեշտեց նաեւ, որ արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է մշակուի Լիբանանը պահպանելու հիման վրայ:
«Ներքին առումով քաղաքական ծրագիրը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի սահմանադրութեան յարգումը, պետական հաստատութիւններուն մէջ ներկայացուելու իմաստով ժողովուրդին կամքը կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բազմազանութիւնն ու լիբանանցիներուն միջեւ համահաւասարութեան պահպանումը», նշեց Պասիլ:
Պասիլ շեշտեց նաեւ, որ քաղաքական ծրագիրին մէջ նշուած է Լիբանանի մէջ գաղթականները բնակեցնելու մերժումը, պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի երիտասարդներն ու իգական սեռը պետական գործունէութեան մէջ ներառելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ պիտի պահանջէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին համամասնական ընտրական օրէնքի հիման վրայ:


