Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Աղբի Տագնապի Լուծման Ծրագիրը. Բագրատունի. «Վերապահ Ենք, Միայն Յստակ Երաշխիքներէ Ետք Կրնանք Ընդունիլ Վնասազերծուած Թափօններ, Բայց Երբեք` Սովորական Աղբ»

Մարտ 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

cabinet_meeting_31316

Աղբերու տագնապին լուծման շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը շաբաթ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Եօթը ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է աղբի տագնապին վերջ տալ չորս տարուան հանգրուանային լուծումով մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի կառուցուին աղբի մշակման երկու կեդրոններ Պուրճ Համուտի, Ղատիրի եւ Պաուշրիէի մէջ, Նաամէի աղբանոցը երկու ամսուան համար պիտի բացուի` ընդունելու համար երկրին փողոցներուն մէջ կուտակուած աղբը, ինչպէս նաեւ պիտի գործադրուին քաղաքապետարաններուն կատարուած խոստումները:

Ժրէյժ յայտնեց, որ Շուֆի մէջ կառուցուելիք առողջապահական աղբանոցին վայրը պիտի համադրուի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար` աւելցնելով, որ աղբի մշակումը պիտի կատարուի գիտական չափանիշներով եւ կենսոլորտին վնաս չհասցնելու նպատակով:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է այս տարուան համար 40 միլիոն տոլար տրամադրել քաղաքապետարաններուն` նշելով, որ այդ գումարը ի զօրու է դարձեալ նորոգուելու, բոլոր այն քաղաքապետութիւններուն, որոնց աշխատանքի ծիրին մէջ կ՛իյնայ աղբանոցներուն եւ աղբի մշակման կեդրոններուն աշխատանքը: «Այդ քաղաքապետարաններն են. Պուրճ Համուտը, Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատը, Շուէյֆաթը, Պըրժ Պարաժնէն, Շուֆ-Ալէյը», ըսաւ ան` յայտնելով, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պիտի մշակեն քաղաքապետարաններուն յատկացուելիք գումարներուն ծրագիրը:

Ժրէյժ նշեց, որ աղբերը հաւաքելու եւ գետինները աւլելու աշխատանքները պիտի շարունակեն «Սուքլին» եւ «Սուքոմի» ընկերութիւնները, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այլ ընկերութիւններու հետ կատարուելիք նուազուրդը ամբողջացնել:

Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը քաղաքապետարաններուն պիտի վստահի աղբերու մշակումը եւ համաձայն գտնուած է, որ Պուրճ Համուտի եւ Պաուշրիէի քաղաքապետարանները շահարկեն այն հողերը, որոնք պիտի ստացուին աղբի կուտակման իբրեւ արդիւնք:

Ժրէյժի կատարած յայտարարութիւններէն ետք, նախարարաց խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ աղբի տագնապին լուծման նախարարական յանձնախումբին ներկայացուցած լուծման ծրագիրին մէջ չէր նշուած, թէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի մշակման կեդրոն պիտի հաստատուի, սակայն կառավարութեան տուած որոշումներուն մէջ յստակօրէն կը նշուի, որ աղբի մշակման ժամանակաւոր կեդրոնները պիտի հաստատուին Պուրճ Համուտի ու Պաուշրիէի մէջ եւ Ղատիր գետին մօտ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարուած գումարը, թէ քաղաքապետարաններուն տարեկան դրութեամբ 40 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի, սխալ է, իսկ ճիշդը այն է, որ տարեկան 8 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի:

Կառավարական աղբիւրները հաստատեցին, որ այսօր իսկ աղբերը փողոցներէն պիտի սկսին հաւաքուիլ:

Յ. Բագրատունի Վերապահութիւն Կը Յայտնէ
Եւ Կը Մերժէ Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբի Տեսակաւորումը

Hiwar_enger_hagop_31216ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան պատկերասփիւռի գրեթէ բոլոր կայաններուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցներուն ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պատկան մարմիններուն փոխանցած է, թէ կը մերժէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի տեսակաւորման կեդրոն կառուցել եւ կը պահանջէ աղբի լերան վերացումը: «Մենք պիտի ընդունինք միայն վնասազերծուած թափօնները Պուրճ Համուտի աղբանոցին մէջ թափել», ըսաւ Յ. Բագրատունի` պահանջելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին իրաւունք տրուի հսկելու աղբանոցին աշխատանքներուն եւ շրջանին յաւելեալ նիւթական կարելիութիւններ շնորհուին, որովհետեւ Պուրճ Համուտի բնակիչները 20 տարի շարունակ հանդուրժած են աղբանոցը:

Յ. Բագրատունի վերապահութիւն յայտնեց կառավարութեան անյստակ որոշումներուն նկատմամբ` պահանջելով, որ վարչապետ Սալամ, ինչպէս նաեւ նախարարներ Մաշնուք եւ Հասան Խալիլ յստակացումներ ներկայացնեն կառավարութեան որոշումներուն մասին` ընդգծելով, որ նախապէս խոստացուած երաշխիքները աւելի յստակ էին:

«Մենք վերապահ ենք կառավաութեան տուած որոշումներուն գծով եւ անոնց մասին յստակացումներ չկատարելու պարագային կրնանք Պուրճ Համուտի աղբանոցը չբանալ», ընդգծեց Բագրատունի:

«Եթէ կառավարութեան կողմէ դրական մօտեցում չցուցաբերուի, ապա ծրագիրը պիտի մերժուի եւ իւրաքանչիւրը պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ի վերջոյ մեր նպատակը տարբեր համայնքներ ու յարանուանութիւններ եւ քաղաքական բոլոր ուժերը ներառող շրջանին` Պուրճ Համուտին բարգաւաճումն է», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ երաշխիքներուն յստակացումը, եւ անոնց լոյսին տակ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այս շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ նիստ մը եւ համապատասխան որոշում տայ:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունիին հետ կապի մէջ մտած են նախարարներ Մաշնուք, Էլիաս Ապու Սաապ, Միշել Ֆարաոն, Ալի Հասան Խալիլ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ներկայացնելու համար տագնապի լուծման զանազան փոխընտրանքներ, որոնց կապակցաբար փոխանցուեցաւ, որ «մենք անզիջող ենք մեր կեցուածքներուն մէջ եւ հիմնականօրէն կը պահանջենք յստակ երաշխիքներ եւ Պուրճ Համուտի բարելաւման (զարգացման) ծրագիրներ»:

Նշենք նաեւ, որ նախքան կառավարութեան նիստը, Յ. Բագրատունի դարձեալ հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ` պատրաստակամութիւն եւ դրական կեցուածք յայտնած են աղբի տագնապին լուծման առումով, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք համաձայն պիտի ըլլան իւրաքանչիւր պայմանի:

«Կարեւորը այն է, որ աղբի տագնապին լուծման համար ամբողջ Լիբանանի տարածքը ներառող լուծում մը գտնուի, իսկ մենք այդ լուծման մէկ բաժինն ենք եւ ոչ թէ այդ տագնապին ամբողջ լուծումը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իրենք պահանջած են, որ առաջնահերթութիւնը ըլլայ Պուրճ Համուտի աղբակոյտի վերացումը, իսկ կառուցուելիք աղբանոցը բաժնուի երկու տարածութիւններու վրայ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտը, իսկ միւսը` Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետարանին վերաբերող:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ Պուրճ Համուտի աղբանոցը հասնող աղբերը պէտք է տեսակաւորուած ըլլան, պայմանաւ որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իրաւունք ունենայ այդ աշխատանքին հոլովոյթին հսկելու: «Մեզի համար առողջապահութիւնը եւ լուծման մասնակից դառնալը կարեւոր են», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ այն լուծումը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, «իսկ 4 տարի ետք աղբանոցները կը փակուին, եւ այդ պարագային միայն աղբերու մշակումը կը սկսի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են այդ լուծումին` հիմնուելով աղբի լեռը վերացնելու կարեւորութեան վրայ: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ չորս տարուան համար օրական 1000-1100 թոն աղբ ընդունիլ Մեթնի եւ Քեսրուանի շրջաններէն, իրաւունք ունենալ այդ հողը յանձանձելու եւ քաղաքապետութեան տալ իր աղբանոցին վերահսկելու իրաւունքը:

«Այս պայմաններէն դուրս որեւէ քննարկումի պարագային կը վերադառնանք քննարկումի Ա. քառակուսիին», ըսաւ ան:

Արսլան. «Եւրոպական Միութեան
Միջազգային Բողոք Պիտի Ներկայացնենք»

arslan_taymour_31316

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ներկայութեամբ նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտինի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Շուէյֆաթի մէջ Քոսթապրաւայի աղբանոցը վերաբանալու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ աղբանոցները պէտք է ստեղծուին քաղաքացիներէն հեռու վայրերու մէջ, իսկ կառավարութիւնը ժողովուրդը զետեղած է աղբին մէջ մնալու կամ աղբանոցին կողքին ապրելու ընտրանքներուն դիմաց:

«Կառավարութիւնը քաղաքական թէ տնտեսական բոլոր չափանիշներով ձախողած է` երկիրը կառավարելու իմաստով. անիկա նաեւ ձախողած է աղբի տագնապը լուծելու առումով», ըսաւ Արսլան:

Արսլան շեշտեց, որ իրենք միջազգային բողոք պիտի ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան, որովհետեւ Քոսթապրաւայի աղբանոցը կը խախտէ Պարսելոնայի միջազգային համաձայնագիրը:

Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Շուէյֆաթի մէջ կատարուեցաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց մը` մերժելու համար Քոսթապրաւայի աղբանոցին բացումը:

Բողոքելով իրենց շրջանին մէջ աղբանոց մը հաստատելու որոշումին դէմ` Շուէյֆաթի բնակիչները երեկոյեան ժամը 5:30-ին հրկիզուած անիւներով փակեցին Խալտէի կամուրջը` ստեղծելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Դարձեալ
Կ՛ուղղուի Փողոց` Խոստանալով Այսօր Եւս
Սառեցնել Երկիրը

civil_society_31316

Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին քաղաքացիական ընկերութեան բոլոր արշաւները գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն եւ հասաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ:

Քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպած բազմամարդ ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Ալի Սլիմ, որ շեշտեց, թէ իրենք այդ ցոյցով բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքը կը պահանջեն` աւելցնելով, որ աղբի տագնապին թղթածրարը կառավարութեան ճակատին վրայ ամօթի կնիք մըն է:

Սլիմ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` լիբանանցիներուն ներկայացնելու աղբի տագնապին լուծման մանրամասնութիւնները:

«Մենք մուտք գործած ենք նոր հանգրուան մը, եւ երկուշաբթի օր (այսօր) պիտի սառեցնենք ամբողջ երկիրը` ժողովուրդին շահերուն ի խնդիր», ըսաւ ան:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին զուգահեռ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին որդեգրուեցան ապահովական արտակարգ միջոցառումներ:

Կառավարութեան որոշումէն ետք քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին ընդհանուր գործադուլի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, եւ ծնողներէն պահանջեցին իրենց զաւակները դպրոց չուղարկել:

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, քաղաքացիական ընկերութեան պատասխանատուները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ այսօր իրենք պիտի շարունակեն իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը` առաւօտեան քանի մը ժամուան համար փակելով Պէյրութի բոլոր մուտքերը:

Անոնք ժողովուրդէն պահանջեցին օժանդակել եւ զօրակցիլ իրենց:

Քաղաքացիական ընկերութեան գործիչները շեշտեցին, որ կառավարութիւնը ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ աղբը թափելու, ապա հրկիզումի կեդրոններ կառուցելու մասին կը մտածէ:

«Կառավարութեան որոշումին համաձայն, «Սուքլին» կը շարունակէ մնալ աղբի գործող ընկերութիւն, հակառակ անոր ապօրինի գործունէութեան», նշեցին անոնք` հաստատելով, որ իրենց բնորոշումով «աղբի կառավարութեան» նկատմամբ վստահութիւն չունին:

Անոնք ընդգծեցին, որ այսօրուան իրենց շարժումը ժողովուրդին դէմ չէ ուղղուած, այլեւ` անոնց շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր է:

Միւս կողմէ, Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար երէկ շեշտեց, որ այսօր դպրոցական  սովորական օր է:

Իսկ անձնական դպրոցներու համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց կրթական մարզը զերծ կացուցելու ստեղծուելիք քաոսէն:

Համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց կենսոլորտի տագնապներուն լուծումներ գտնելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի աղբերուն եւ աշակերտներուն ու քաղաքացիներուն առողջապահութեան:

Համադաշնակցութիւնը յայտնեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը յարգէ բոլոր այն դպրոցները, որոնց տնօրէնութիւնները կ՛որոշեն իրենց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան համար համապատասխան դասաւորումներու դիմել:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ այսօր դպրոցական սովորական օր է:

Նախորդը

Փղոսկրեայ Ափունքի Մէջ Հինգ Լիբանանցիներ Կը Վիրաւորուին

Յաջորդը

Նոր Փաստաթուղթ Մը Կը Յստակացնէ, Թէ Ինչո՛ւ Տինքին Անցագիր Չէ Տրուած

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?