Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապի լուծման յատուկ յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:
Նիստէն ետք յայտնուեցաւ, որ վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրած է ժողովի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վերջնականացնելու համար նախարարական յանձնախումբին յանգած լուծումը:
Նուհատ Մաշնուք մեկնումի պահուն յայտնեց, որ աղբի տագնապը 99 առ հարիւրով լուծուած է: