Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՅԱՏԻՆ» պատկերասփիւռի կայանը այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի սփռէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հարցազրոյց մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Մուսթաֆա Հիժազին, որ Սայտայի մէջ հեռաձայնի վաճառատան սեփականատէր է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը անծանօթ պատճառներով կազմաքանդեցին Շիահի մուտքին զետեղած իրենց անցարգելը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Փարիզի պայթումները կազմակերպող ահաբեկիչ Սալապ Ապտել Սալամի ձերբակալումը: Միւս կողմէ, նախարարութիւնը դատապարտեց Պոլիսը հարուածած պայթումը` կոչ ուղղելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը մէկտեղելու` շրջանային եւ միջազգային առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, յատկապէս Հըզպալլան չեն փափաքիր նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար յստակ է, թէ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը անկարելի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած համամասնական ընտրական օրէնքը վաւերացնելը բաւական բարդ եւ դժուար է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, Հըզպալլայի մասին սէուտական վերջին որոշումը ձախողութեան, անկարողութեան եւ յուսալքումի փաստ մըն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութեամբ կարելի եղած է 25 տարուան սխալ մը սրբագրել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ առանց Դիմադրութեան մարտիկներուն մատուցած զոհողութիւններուն անկարելի էր, որ Լիբանան նման ապահովական կայունութիւն վայելէր:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները անդրադարձած են իրենց շրջանները յուզող այնպիսի հարցերու, որոնք կ՛ենթադրեն քաղաքապետական ընտրութիւններու յետաձգումը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական ընտրութիւնը գրեթէ անկարելի է: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Հըզպալլա կը գտնուի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կամ նախագահական երրորդ թեկնածուի մը երկընտրանքին դիմաց:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը խորհրդարանի օրէնսդրական առաջին նիստին ընթացքին պիտի զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացնելիք ընտրական օրինագիծին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն յայտնեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ ազատ, գերիշխան եւ բազմազանութիւն ընդգրկող Լիբանանի պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Սուրիայէն ռուսական բանակին հեռացումով` Հըզպալլա աւելի եւս կառչած պիտի մնայ նախագահական ընտրութեան իր խաղաքարտին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ կռուող Հըզպալլայի մարտիկները տակաւին այդտեղ կը գտնուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ այս հանգրուանին անկարելի է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու Սաատ Հարիրին կ՛ընդգծեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ամալ շարժումի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն առումով Հըզպալլայի հետ կատարեալ համաձայնութիւն գոյացած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային ամբողջական գործակցութիւն պիտի արձանագրուի Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գտնուող հաւատադրժողական սալաֆականները 150 անդամ կը հաշուեն, եւ անոնք կազմ ու պատրաստ պիտի մնան գաղթակայանին մէջ, մինչեւ որ գաղթակայանին կայունութիւնը բռնկեցնելու հրահանգ ստանան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Պայթում. 5 Անձեր Սպաննուած Են

Յաջորդը

Զասիփքին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մասին Կը Խորհրդակցի Բոլոր Երկիրներուն Հետ, Բացի Թուրքիայէն»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?