Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարին կապուած բոլոր հարցաքննութիւնները պիտի սկսին այսօր` աւելցնելով, որ ինք անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ այդ հարցաքննութիւններուն եւ պիտի հսկէ հետաքննութեան:
Համմուտ ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնները այդ թղթածրարին հետ պիտի վարուին հատու կերպով:
Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը ուղղակի վտանգ կը սպառնայ պետական հաստատութիւններուն եւ կը խախտէ անոնց աշխատանքին գաղտնապահութիւնը` արտաքին ընկերութիւններու շահերուն համար: