
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիայէն ռուսական ուժերուն հեռացումը ուղղակիօրէն առնչուած է Ժընեւի մէջ ընթացող միջսուրիական բանակցութիւններուն:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ հարցին շուրջ կը խորհրդակցի բոլոր երկիրներուն հետ, բացի Թուրքիայէն:
Զասիփքին աւելցուց, որ ռուսական-իրանեան յարաբերութիւնները լաւ են ու հեզասահ, եւ երկու երկիրները կը միտին բոլոր շրջաններուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ եւ այդ շրջաններուն համար խաղաղ լուծումներ ապահովել:
Զասիփքին հաստատեց, որ Սուրիոյ հարցով Ռուսիա մնայուն կերպով կը խորհրդակցի նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ` աւելցնելով, որ նախքան Սուրիայէն իր ուժերը հեռացնելը, Մոսկուա այդ քայլը համադրած էր սուրիական իշխանութիւններուն հետ:


