Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին լիբանանցի Խ. Ֆ.-ն, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ է: Ան խոստովանած է, թէ ինք ականներու եւ ահաբեկչական գործողութեանց հեղինակներ պատրաստելու գործով զբաղած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող բրիտանական դեսպանատան դիւանագիտական մէկ պատուիրակութիւնը լիբանանեան բանակին ընկերակցութեամբ շրջագայած է հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին Ֆրանսայէն վերադարձաւ Պէյրութ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու երեսփոխանական ենթայանձնախումբը կ՛աշխատի խառն օրէնք մը յաջողեցնելու նպատակով: Ան աւելցուց, որ այդ աշխատանքին մեծ բաժինը արդէն իսկ գործադրուած է:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, քաղաքապետական ընտրութիւնները կ՛ուղղուին դէպի յետաձգում, իսկ քաղաքապետական խորհուրդներուն աշխատանքը երկու տարիով պիտի յետաձգուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիայէն ռուսական ուժերուն հեռացումը Սուրիոյ քաղաքական շահերը կ՛ապահովէ:

ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ լիբանանեան պետութեան սառած իրավիճակը առիթ չի տար, որ պետութիւնը իր իրաւունքները վերստանձնէ: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Այն Թինէի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ տեղի ունեցած  երկխօսութիւնը ընդգծած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ լրտեսումի ոչ մէկ առիթ կը խնայէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն նպատակն է հաւատադրժողական ահաբեկիչները հասցնել Լիբանան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ իրենք դարձեալ փողոց պիտի վերադառնան եւ պիտի ընդդիմանան քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները ջնջել փորձող կողմերուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ձախող է` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ յստակ որոշում կար սովորական աղբը ծովուն մէջ թաղելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին գոյանալիք ազգային դաշինքը պիտի շրջէ ներկայիս որդեգրուած տարազները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Ֆաթթուշ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն` երաշխաւորելու համար քաղաքապետարաններուն աշխատանքները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները պատասխանատու են երկրին ապահովութիւնը ամրապնդելու առումով:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Կառավարութիւնն Ու Ընդդիմութիւնը Կը Մերժեն. Քիւրտերը Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա Դաշնակցային Մարզի Հաստատումը Հռչակեցին

Յաջորդը

«Պիտի Չօժանդակենք, Որ Հըզպալլայի Հիմնական Եւ Սիրելի Դաշնակիցը Հասնի Հանրապետութեան Նախագահութեան» Շեշտեց Ժեմայէլ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.