Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութ Ամսուան Աղբը Պիտի Փոխադրուի Նաամէի Աղբանոց

Մարտ 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

AGHP1_31816

17 յուլիս 2015-էն ի վեր Լիբանանի բոլոր շրջանները ողողած հարիւր հազարաւոր թոներու հասնող աղբերը վերցնելու նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, այսօր այդ աղբերը պիտի հաւաքուին եւ փոխադրուին Նաամէի աղբանոց:

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Նաամէի աղբանոցը 60 օրուան համար բաց պիտի մնայ եւ ապա վերջնականապէս պիտի փակուի: Ան նշեց, որ այս լուծումը օրինակելի լուծում կարելի չէ նկատել, սակայն անիկա յարմարագոյնն է` լիբանանցիները աղբի տագնապէն փրկելու համար:

Նշենք, որ Քոսթա Պրաւայի ծովեզերքը երէկ աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առին` ստեղծելու համար թափօններու թաղման վայրը, ուր պիտի թափուին Պէյրութի աղբերուն մէկ բաժինը, Հարաւային արուարձաններու եւ Շուէյֆաթի աղբերը:

Ուշ երեկոյեան «Սուքլին» աղբի ընկերութիւնը յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին պաշտօնապէս պիտի սկսի աղբերը հաւաքելու աշխատանքին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շնորհաւորեց աղբի տագնապին լուծումը` ողջունելով վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ի գործ դրած ճիգերը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս տագնապին լուծման` ըլլան անոնք քաղաքական ուժեր թէ քաղաքացիական ընկերութիւն:

Միւս կողմէ, Պաորթայի եւ շրջակայ գիւղաքաղաքներուն բնակիչները բողոքի ցոյցեր կատարեցին` մերժելով Նաամէի աղբանոցին բացումը:

Ցուցարարները ընդգծեցին իրենց մերժումը աղբերու հրկիզման, ինչպէս նաեւ աղբանոցներու բացման: Անոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան վերատեսութեան ենթարկելու կենսոլորտային առումով իր վաւերացուցած վտանգաւոր եւ ապականում պատճառող ծրագիրը:

Մինչ Պաորթայի բնակիչները բողոքի ցոյցեր կը կատարէին, նախարար Շեհայէպ Շահհարի եւ Արամունի բնակիչներուն հաւանութիւնը կը յայտնէր Նաամէի աղբանոցը 60 օրով վերաբանալու առնչութեամբ:

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ. «Առկայ Բոլոր Հարցերուն Մասին Մեր Խորհրդակցութիւնները Շարունակեցինք» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

«Ուիքիլիքս» Հրապարակած Է Քլինթընի Ե-Նամակները, Որոնց Մէջ Կան Յիշատակումներ Հայաստանի Մասին

RelatedPosts

Պըրրի Կը Հակադարձէ Պարրաքի
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Կը Հակադարձէ Պարրաքի

Դեկտեմբեր 12, 2025
Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Դեկտեմբեր 12, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան «Մերքաւա»-ի Մը Կողմէ Սարտէի Մօտ Պարեկութիւն Կատարող Ուժի Մօտ Կրակ Բանալը Թիւ 1701 Որոշումի Վտանգաւոր Խախտում Է»

Դեկտեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?