Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յոյսով Ենք, Որ Լիբանան Ինքզինք Կատարելապէս Զերծ Պիտի Կացուցէ Շրջանային Զարգացումներէն` Առանց Միջամուխ Դառնալու Այլոց Հարցերուն» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

March 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆաթհալի, Խարազի եւ Սալամ
Ֆաթհալի, Խարազի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին Խարազի հաստատեց, որ Թեհրան երբեք չի փափաքիր միջամտել լիբանանեան ներքին հարցերուն` մաղթելով, որ լիբանանցիները կարենան ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:

Խարազի բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի իմաստուն մօտեցումն ու կարողութիւնը` կառավարելու Լիբանանը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ արաբական համախոհութեան: «Յոյսով ենք, որ Լիբանան ինքզինք կատարելապէս զերծ պիտի կացուցէ շրջանային զարգացումներէն` առանց միջամուխ դառնալու այլոց հարցերուն», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով, որ ինք կը գիտակցի, որ յոյսերուն եւ իրականութեան միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն ունի, սակայն անձնատուր պիտի չըլլայ, այլ` պիտի շարունակէ այդ իմաստով ճիգ թափել:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Հըզպալլային պէտք է հարց տալ, թէ ան ո՞ւր կ՛ուզէ հասնիլ` նշելով, որ Հըզպալլա պատասխանատուութիւն ունի եւ ան չի կրնար Լիբանանի ուսերը յաւելեալ բեռներով ծանրացնել:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ քուէյթցի քաղաքայիններու սպանութեան թղթածրարին` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ քուէյթցիներուն սպանութիւնը անձնական հարց է եւ ոչ մէկ կապ ունի քաղաքականութեան հետ: Ան նշեց, որ «քուէյթցիները սպաննող ոճրագործներուն ձերբակալումը հանգստացուցած է Լիբանանը եւ արժանացած քուէյթցի մեր եղբայրներուն գոհունակութեան»:

 

Նախորդը

«Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Որակելու Որոշումը Սէուտական Վարչակարգի Ամէնէն Անհեթեթ Կեցուածքներէն Մէկն Է» Շեշտեց Ֆատլալլա

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանանը Յուզող Քաղաքական Տագնապին Լուծման Բանալին Նախագահական Ընտրութիւնն Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.