
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հարց տուաւ, թէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է աւարտած նկատել, երբ ՏԱՀԵՇ եւ ահաբեկչութիւնը տակաւին հոն կը գտնուին:
«Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու ամերիկեան-ռուսական միացեալ կարգախօսի մը ներքեւ գործուող զինուորական այս աքթը աւարտելը տարօրինակ է, բացի եթէ շրջանին մէջ նոր քարտէս մը գծելու քայլեր առնուած են` սկսեալ քրտական նոր գոյացութենէն», ըսաւ ան: