
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախանցեալ օր Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու թեկնածութեանց ժամկէտի աւարտէն ետք յայտարարեց, թէ քաղաքապետական աթոռներուն համար ներկայացած են 114 թեկնածուներ, որոնցմէ 22-ը միայն` իգական սեռի թեկնածու, իսկ թաղապետական ընտրութեանց իբրեւ թեկնածու ներկայացած են 226 թեկնածուներ, որոնցմէ միայն տասն իգական դէմքեր են:
Զահլէի մէջ` 914 քաղաքապետական թեկնածու, ուր միայն 40 իգական սեռի թեկնածուներ կան: Իսկ թաղապետութեան գծով թեկնածութեան դիմում ներկայացուցած են 266 հոգի, որոնցմէ միայն վեցը` իգական սեռի:
Ներքին գործոց նախարարութեան այս գծով հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը թուէ նաեւ այլ շրջաններու` Պեքաայի, Պաալպեքի եւ Ռաշայայի թեկնածուներու համեմատութեան պատկերը:


