Լիբանանեան

Շաբաթական Հերթական Նիստի Աւարտին.  Քանաան. «Պըրրիի Վերջին Քայլը Նախաքայլ Մըն Է Ընտրական Օրէնքի Թղթածրարի Լուծման»

Շաբաթական Հերթական Նիստի Աւարտին. Քանաան. «Պըրրիի Վերջին Քայլը Նախաքայլ Մըն Է Ընտրական Օրէնքի Թղթածրարի Լուծման»

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերջին նախաձեռնութիւնը դրական քայլ մըն է ընտրական օրէնքի թղթածրարի լուծման գծով», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, երէկ համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին աւարտին, որուն օրակարգին վրայ էին ընտրական, ելեւմտական, քաղաքապետական, կենսոլորտային եւ բարեկարգչական այլ հրատապ հարցեր:  

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մասին Խօսք Առնելու Համար`  Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Պրիւքսէլ

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մասին Խօսք Առնելու Համար` Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Պրիւքսէլ

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր տեսակցութիւններ պիտի ունենայ եւրոպացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը այսօր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով պիտի անդրադառնայ Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան: Ռայի պատրիարքը դէպի Պրիւքսէլ իր ճամբուն վրայ կոչ ուղղեց միջազգային պատկան կողմերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու տիրող պատերազմական վիճակին եւ ապահովելու բոլոր գաղթականներուն տունդարձը խաղաղ միջոցներով:  

«Պըրրի Համակեցութեան Խորհրդանիշ Է»  Կ՛ըսէ Էլիաս Մըր

«Պըրրի Համակեցութեան Խորհրդանիշ Է» Կ՛ըսէ Էլիաս Մըր

Ներքին գործոց նախկին նախարար, «Ինթըրփոլ»-ի տնօրէն Էլիաս Մըր երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցեցաւ շրջանային եւ տեղական վերջին իրադարձութեանց շուրջ: Այս առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, նախկին նախարարը բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահին կեցուածքը` զայն նկատելով համակեցութեան խորհրդանիշ: Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Էլիաս Մըր ընդգծեց, որ Լիբանան շատ լաւ ձեւով կը գործակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճիգերուն մէջ:...

Դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը.  Նասըրական Մուրապիթուն Շարժումը Թուրքիայէն  Պահանջեց Հատուցում Կատարել Հայ  Զոհերուն

Դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Նասըրական Մուրապիթուն Շարժումը Թուրքիայէն Պահանջեց Հատուցում Կատարել Հայ Զոհերուն

Հայոց ցեղասպանութեան  101-ամեակին առիթով լիբանանեան Նասըրական Մուրապիթուն շարժումը հաղորդագրութեամբ մը բուռն կերպով դատապարտեց «օսմանցի ենիչերիական Թուրքիոյ կողմէ մեր հայ ընտանիքներուն դէմ քաղաքական ու ընկերային  տարբեր երեսներով» գործադրուած ջարդերը` դիտել տալով, որ «ցեղային այս բնաջնջումը, զոր օսմանեան ենիչերիական Թուրքիան գործադրեց, մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն է եւ անհրաժեշտ է, որ այդ արիւնարբու ոճրագործներուն թոռները ստանձնեն ամբողջական պատասխանատուութիւնը եւ հատուցում կատարեն զոհերուն»:...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը չորեքշաբթի, 27 ապրիլին:

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի  Ոգեկոչման Արարողութեան Ընթացքին  Նախարար Սըժաան Քազզի  Կը Ներկայացնէ Վարչապետ Սալամը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Արարողութեան Ընթացքին Նախարար Սըժաան Քազզի Կը Ներկայացնէ Վարչապետ Սալամը

Ձախէն աջ՝ Նախարար Քազզի, Դեսպան Մաքարոն եւ Րաֆֆի Սեմերճեան Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, ուրբաթ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամի անունով Լիբանանը ներկայացուց: Այս առիթով նախարար Քազզի մասնակցեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային Բ. համաժողովին: Աշխատանքի նախարարը նաեւ այս առիթով զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի վարիչներուն հետ:

Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Անդրադարձը

Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Անդրադարձը

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով լիբանանեան գրաւոր թէ բանաւոր մամուլն ու լսողատեսողական լրատուամիջոցները լայնօրէն արձագանգեցին զանազան ձեռնարկներուն եւ ոգեկոչական հաւաքներուն` լրատուութեամբ, հարցազրոյցներով, յօդուածներով թէ մեկնաբանական տեսութիւններով: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Էլ. Պի. Սի.» կայանին իր կատարած յայտարարութեամբ  յիշեցուց, թէ ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս ձեռնարկները կը կրկնուին ամէն տարի, ապրիլ 24-ի օրը կ՛ոգեկոչենք եւ կը ծրագրենք մեր յառաջիկայի քայլերը: Պէյրութի...

Պահանջելով Հայոց Բռնախլուած  Իրաւունքներու Հատուցումը.  Լիբանանեան Ազգային Ուժերու Եւ Կուսակցութեանց  Հանդիպումը Դատապարտեց Թուրք-Թուրանական-Սիոնական  Զօրակցութիւնը Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան

Պահանջելով Հայոց Բռնախլուած Իրաւունքներու Հատուցումը. Լիբանանեան Ազգային Ուժերու Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Թուրք-Թուրանական-Սիոնական Զօրակցութիւնը Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին, Լիբանանեան Ազգային ուժերու եւ կուսակցութեանց հանդիպումը երէկ բուռն կերպով դատապարտեց թուրք-թուրանական-սիոնական զօրակցութիւնը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան: Պարպուրի իր կեդրոնին մէջ գումարած տեղական եւ շրջանային իրադարձութեանց քննարկման յատկացուած ընթացիկ նիստին, հանդիպումը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ անոր ազգային ուժերուն` Թուրքիայէն պահանջելով  ընդունիլ  իր գործած ջարդերը եւ հատուցել հայ ժողովուրդին բռնախլուած իրաւունքները:

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Նիւ Եորք.  Նապի Շիթի Մէջ Թռչնակրիփի Ժահրով Վարակում

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Նիւ Եորք. Նապի Շիթի Մէջ Թռչնակրիփի Ժահրով Վարակում

Այն միջոցին, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ մեկնեցաւ Նիւ Եորք` Լիբանանի անունով իր խօսքը արտասանելու կենսոլորտի «Փարիզի համաձայնագիր»-ի կնքումի արարողութեան ընթացքին, նոյն ատեն Լիբանանի մէջ թռչնակրիփի ժահրի վարակումը կանխարգիլող պատուաստներ ցրուեցան: Արդարեւ, Պեքաայի Նեպի Շիթ աւանին մէջ երէկ յատուկ փոս մը փորուեցաւ, որուն մէջ կուտակուեցան աւելի քան քսան հազար սատկեցուած թռչուններ (ըստ «Ժատիտ» կայանին, 35 հազար): Բանակը, առողջապահութեան նախարարութիւնը, շրջանի քաղաքապետութիւնը...

Եազիժի Եւ Իպրահիմ Եպիսկոպոսներու  Առեւանգման Երրորդ Տարելիցին Առիթով.  Յատուկ Պատարագ` Պալամանտի Աստուածամօր Վանքին Մէջ

Եազիժի Եւ Իպրահիմ Եպիսկոպոսներու Առեւանգման Երրորդ Տարելիցին Առիթով. Յատուկ Պատարագ` Պալամանտի Աստուածամօր Վանքին Մէջ

Հալէպի եւ Ալեքսանտրէթի եւ մերձակայքի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգման երրորդ տարելիցին առիթով պատարագ մատուցուեցաւ երէկ` Պալամանտի Աստուածամօր վանքին մէջ: Պատարագին ընթացքին արտասանուած խօսքերն ու քարոզները շեշտեցին այս երկրին եւ հաւատքին կառչած մնալու վճռակամութիւնը` միաժամանակ դատապարտելով երկու եպիսկոպոսներուն առեւանգման գծով կողմերու ահաւոր լռութիւնը:  

Լիբանանցի Մը Զոհ Գնաց Դանակոծումի

Լիբանանցի Մը Զոհ Գնաց Դանակոծումի

Վերջերս Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ երիտասարդ Մարսելինոյի դաշունահարումէն ետք, երէկ լիբանանցի երիտասարդ մը եւս զոհ գնաց դանակածումի: Արդարեւ, Տըպպայէի Մար Ժըրժոս թաղամասի բնակիչներ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին սարսափահար փութացին թաղեցի Ժոզեֆ Քասուֆի «հասէք գող, գող» բացագանչող օգնութեան կանչերուն: Սակայն ոճրագործը` Ալի Ահմետ Ալի (սուրիացի) Ժոզեֆը 6 հարուածներով դանակոծելէ ետք փորձած է փախչիլ: Աւելի ուշ, ապահովութեան ուժեր յաջողած են ձերբակալել...

Ընտրական Ծանուցումները Պէտք Է Զետեղուին Ճշդուած Ցուցատախտակներուն Վրայ

Ընտրական Ծանուցումները Պէտք Է Զետեղուին Ճշդուած Ցուցատախտակներուն Վրայ

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ երէկ հրապարակեց որոշում մը, ըստ որուն, կ՛արգիլուի ընտրական ծանուցումներու զետեղումը հանրային եւ պետական կառոյցներու պատերուն, արձաններու, ելեկտրական թէ հեռաձայնի սիւներուն, բնակարաններու պատերուն, հրապարակներու, երթեւեկի լոյսերու, շրջաններու անունը պարզող ցուցատախտակներու եւ ծառերու բունեուն վրայ: Թեկնածուներու նկարներն ու ծանուցումները կարելի է զետեղել ճշդուած ցուցատախտակներուն կամ վահանակներուն վրայ, այլապէս` դրամական տուգանքի ենթարկուելու պատասխանատուութեամբ:  

Քազինօ Տիւ Լիպանի Կամուրջի Յատակի Մասը Վտանգուած Է Ճեղքուածքներով

Ժունիէն անդին Քազինօ տիւ Լիպանի կամուրջը վտանգուած է յատակը բացուած ճեղքուածքներով: Ըստ «Էլ. Պի. Սի.» կայանին, որ հաղորդեց լուրը, կամուրջը վերանայումի կամ վերանորոգման չէ ենթարկուած 15 տարիներէ ի վեր: Նշենք, որ անցնող օրերուն, երթեւեկի ահաւոր խճողում տիրեց Անթիլիասէն Ժունիէ եւ Քազինօ տանող մայրուղիին վրայ երկու ուղղութեամբ` շինարարական յանձնակատարին կողմէ կամուրջի երկաթեայ սարքերու դասաւորման սխալ ձեւով կարգաւորման պատճառով:  

Այն Թինէի Մէջ Գումարուեցաւ  Ազգային Երկխօսութեան 17-րդ Նիստը

Այն Թինէի Մէջ Գումարուեցաւ Ազգային Երկխօսութեան 17-րդ Նիստը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 17-րդ նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ քաղաքական զանազան ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի: Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրին հրատապ հիմնահարցերը, յատկապէս` խորհրդարանի օրէնսդիր իշխանութեան վերակենդանացման քայլերն ու ընտրական օրէնքի...

Պատկերասփիւռի «Մանար» Կայանի Զօրակցական Հաւաք.   «Ամէն Ձեւով Կը Զօրակցիմ Մամլոյ Ազատութեան»  Ընդգծեց Տեղեկատուութեան Նախարարը

Պատկերասփիւռի «Մանար» Կայանի Զօրակցական Հաւաք. «Ամէն Ձեւով Կը Զօրակցիմ Մամլոյ Ազատութեան» Ընդգծեց Տեղեկատուութեան Նախարարը

Պատկերասփիւռի «Մանար» կայանի զօրակցական հաւաք մը կազմակերպուեցաւ երէկ կէսօրէ առաջ Պէյրութի Քորալ Պիչ պանդոկին մէջ` ներկայութեամբ տեղեկատուական ցանցերու եւ գործակալութեանց ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական ու կուսակցական զօրավիգ անձնաւորութիւններու: Այս առիթով խօսք առին մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ` ընդգծելով իրենց զօրակցութիւնը «Մանար» կայանին եւ առհասարակ մամլոյ ազատութեանց: Տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա նախարար Ռամզի Ժըրէյժի անունով իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց մամլոյ ազատութեանց` իր...

Քաղաքապետական Ընտրութեանց Գծով  Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Շրջանառութեան Դրաւ 1766 Թէժ Գիծը

Քաղաքապետական Ընտրութեանց Գծով Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Շրջանառութեան Դրաւ 1766 Թէժ Գիծը

  Քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած ժամկէտին` 8-էն 29 մայիս 2016-ի ընթացքին, հաստատեց ներքին գործոց նախարարութեան մէկ աղբիւրը: Այս գծով նախարարութիւնը շրջանառութեան դրաւ 1766 թէժ գիծը` քաղաքացիներուն թելադրելով, որ ընտրութեանց գծով որեւէ տեղեկութեան կամ հարցադրումի համար կարելի է հետեւիլ այս գծով յատուկ կայքէջին` www.elections.gov.lb : Միւս կողմէ, նախարարութիւնը հերքեց քաղաքապետական ընտրութեանց յետաձգման որեւէ հաւանականութիւն, առնչակից քաղաքական ուժերուն թելադրելով ...

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ`  Վարչապետ Սալամի Մօր Մահուան Պատճառով

Երկրի Հրատապ Հարցերու Լուծման Առկախուած Մթնոլորտին Մէջ Ազգային Երկխօսութեան Նոր Նիստ Այն Թինէի Մէջ

Ընկերային, կենսոլորտային, քաղաքական եւ տնտեսական հրատապ հարցերու լուծման առկախուած մթնոլորտին մէջ, այսօր Ազգային երկխօսութեան նոր նիստ մը պիտի գումարուի` լուծելու առանց այդ ալ ընկերային-պահանջատիրական ելոյթներու տակ կքող երկրի հիմնահարցերը: Արդարեւ, երկրի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները համախմբող այս հանդիպումը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ, Այն Թինէի մէջ պիտի քննէ երկրին սահմանադրական գրեթէ կազմալոյծ կառոյցներու եւ վարչամեքենայի գրասենեակներու վերաշխուժացման կարելիութիւնները, ինչպէս` նախագահական թափուր...

«Հակառակ Քաղաքական Տագնապներուն,  Ապահովական Վիճակը  Տակաւին Կայուն Է Լիբանանի Մէջ»  Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

«Հակառակ Քաղաքական Տագնապներուն, Ապահովական Վիճակը Տակաւին Կայուն Է Լիբանանի Մէջ» Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտ նախագահեց ապահովական եւ դատական նախարարական նիստի մը` մասնակցութեամբ պատկան նախարարներուն եւ առնչակից պատասխանատուներուն: Սալամ նաեւ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպաններն ու այլ դիւանագէտներ: Այս առիթով վարչապետ Սալամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանանի ապահովական վիճակի կայունութեան գծով, «հակառակ տիրող քաղաքական տագնապներուն»: Սալամ օտար դիւանագէտներու, յատկապէս Ծոցի երկիրներու դեսպաններու ներկայութիւնն ու զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը վկայակոչեց` իբրեւ...

Զօրակցական Հաւաք` Իպրահիմ Եւ Եազիժի Եպիսկոպոսներու  Առեւանգման Երրորդ Տարելիցին Առիթով

Զօրակցական Հաւաք` Իպրահիմ Եւ Եազիժի Եպիսկոպոսներու Առեւանգման Երրորդ Տարելիցին Առիթով

«Լիբանան ապրիլ մէկի սուտ մը չէ եւ մեր պայքարը չափազանցուած չէ` մեր իրաւունքներուն հետապնդման գծով», յայտարարեց ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, երէկ առեւանգեալ Իպրահիմ եւ Եազիժի եպիսկոպոսներու անյայտացման երրորդ տարելիցին առիթով Յոյն ուղղափառ հանդիպումին կազմակերպութեամբ Սին էլ Ֆիլի մէջ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին` ներկայութեամբ զանազան կողմերու, կուսակցական, պաշտօնական եւ զինուորական ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր պետերու: Ձեռնարկին, որուն ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ...

Հապիպ Աֆրամ Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին

Հապիպ Աֆրամ Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին

  «Հայոց ցեղասպանութեան եւ ասորիներու Սէյֆոյին 101-ամեակին առիթով եկայ իմ զօրակցութիւնս յայտնելու` թրքական պետութենէն պահանջելով ճանչնալ, հատուցել եւ փակել այս էջը», յայտարարեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, երէկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին տուած իր այցելութեան առիթով: «Ոչ հարիւր տարի, ոչ ալ աւելի երկար ժամանակ պիտի կարենան մեր հաւաքական յիշողութենէն ջնջել այդ ողբերգութիւնները», ընդգծեց Աֆրամ:

Page 840 of 986 1 … 839 840 841 … 986

Արխիւներ