
«Կը խորհինք, որ Թուրքիա մեծ դեր կրնայ կատարել շրջանի կայունութեան մէջ», յայտարարեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ, շուրջ մէկուկէս ժամ խորհրդակցելէ ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, Պոլսոյ Եըլտըզ պալատին մէջ: Այս առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Հարիրի յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ քննած է շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական կացութիւնը` նախագահական աթոռի թափուր մնալուն հարցը, սուրիացի գաղթականներու հոսքը եւ այլն:
«Նաեւ խորհրդակցեցանք շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան մասին. մենք կ՛ուզենք լաւ յարաբերութիւններ մշակել Իրանի հետ, սակայն շրջանին մէջ անոր ժխտական միջամտութիւնները կ՛արգելակեն նման բարի դրացիական յարաբերութեանց սերտացումը», աւելցուց Հարիրի:
Նախագահական ընտրութեան գծով արծարծուող երկամեայ ընտրութեան առաջարկին մասին Հարիրի յայտնեց, որ այս մասին ոչ ոք զինք տեղեակ պահած է եւ ինք ալ մամուլէն իմացած է: «Մեր սահմանադրութիւնը յստակ է` նախագահին պաշտօնավարութեան շրջանը վեց տարի է», ընդգծեց Հարիրի: Իսկ Ֆրանսայի նախագահին այցելութեան ընթացքին այս առնչութեամբ որեւէ այլ առաջարկի մասին Հարիրի յայտնեց, թէ իրեն որեւէ բան չէ փոխանցուած: Հարիրի նաեւ հերքեց, թէ ինք կը մտադրէ նախագահական իր թեկնածուին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարել Մոսկուայի թէ Թուրքիոյ մէջ:


