Նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ իր ընթացիկ նիստը` օրակարգի վրայ ունենալով 165 քննելի հարցեր:
Մինչ այդ, քաղաքական քուլիսային թէ բացայայտ այցելութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին զանազան մակարդակներու վրայ` կանխարգիլելու համար որեւէ խոչընդոտ, որ կրնայ քաղաքական հակադիր կողմերուն միջեւ «բռնկեցնել» մթնոլորտը:

Տեղական խորհրդակցութիւններու կողքին, ճիգերը կը շարունակուին նաեւ դիւանագիտական արտաքին մակարդակներու վրայ: Երեւանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտութեան ճամբով Մոսկուայի «դռները բախող» նախարար Քազզիի խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ, իրազեկ աղբիւրներ խիստ հաւանական կը նկատեն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ մօտալուտ այցելութիւնը, որ կրնայ վերագրուիլ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախաձեռնած «քայլերուն» շարունակման Ֆրանսայի մտադրութեան:
Նոյն ծիրին մէջ կարելի է դասել երէկ առաւօտ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի Պրիւքսէլ այցելութիւնը:

Այս եւ նմանօրինակ քայլերու արդիւնաւորման սպասումով լիբանանցիք կը շարունակեն պատկան կողմերուն յիշեցնել իրենց ընկերային, կրթական թէ կենսոլորտային պահանջները` բողոքի ցոյցերու միջոցով:


