Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Ֆրանսայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնակարգ Օրակարգերէն Մէկն Է» Յայտարարեց Ֆրանսայի Դեսպան Էմմանուէլ Պոն

April 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Emmanuel Bonne_42916

«Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան այցելութիւնը խիստ կարեւոր էր, որովհետեւ անիկա դուռ բացաւ Լիբանանին օգնելու դիւանագիտական նոր ճիգերու», յայտարարեց Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոն: Դեսպան Պոն յայտնեց, թէ մօտերս Պէյրութ պիտի այցելէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ` շարունակելու համար նախագահ Հոլլանտի սկսած գործը:

Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ դեսպան Պոն համոզում յայտնեց, որ Լիբանան Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնակարգ կէտերէն է եւ թէ շրջանին մէջ, ուր կռիւ ու բրտութիւն կայ, անհրաժեշտ է պահել Լիբանանի համակեցութեան տարազի օրինակը:

Նախագահական թափուր աթոռին գծով Ֆրանսայի դեսպանը վերահաստատեց, որ իր երկիրը ճիգ չի խնայեր նախագահական ընտրութեան իրագործման համար` նշելով, որ էականը առաջնահերթութեանց որդեգրումն է: Դեսպան Պոն հերքեց այս գծով նախագահական ընտրութեան երկամեայ պաշտօնավարութեան առաջարկի գոյութիւնը` ընդգծելով, որ ասիկա չի համապատասխաներ Լիբանանի սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, ուր նախագահին պաշտօնավարութիւնը սահմանուած է վեց տարիով:

Դեսպան Էմմանուէլ Պոն այս առիթով բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերը`  բացայայտելով, որ Ֆրանսա տակաւին կը շարունակէ զէնք եւ զինամթերք հայթայթել Լիբանանին նախապէս կնքուած համաձայնագիրի մը հիմամբ եւ իր երկիրը պիտի շարունակէ նոր ու արդիական զէնքեր տրամադրել լիբանանեան բանակին: Ան հերքեց, թէ սէուտական նուիրատուութեամբ տրամադրուելիք ֆրանսական զէնքերու փոխանցումը ջնջուած է` յստակացնելով, թէ այդ հարցին առկախման պատճառը «սէուտական» է:

Միւս կողմէ, Էմմանուէլ Պոն հերքեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան բնակեցման գծով ծրագիրի մը գոյութիւնը` յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին տեսակցած էր Սուրիոյ գաղթականներուն հետ, որոնք փափաք յայտնած էին վերադառնալու իրենց տուները: «Ատիկա իրագործելու համար նախ պէտք է լուծել Սուրիոյ տագնապը, եւ մենք մնայուն կապի մէջ ենք խնդրոյ առարկայ կողմերուն եւ երկիրներուն հետ` խաղաղ լուծման մը  յանգելու եւ Լիբանանը զերծ պահելու սուրիական պատերազմի հետեւանքներէն», ընդգծեց դեսպան Պոն:

 

 

 

Նախորդը

«Միայն 10 Հազար Թոն Աղբ Մնացած Է Պէյրութի Մէջ» Հաստատեց Նախարար Աքրամ Շեհայէպ

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի. «Թուրքիա Մեծ Դեր Կրնայ Կատարել Շրջանի Կայունութեան Մէջ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.