Յառաջիկայ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծիրին մէջ երէկ յայտնի դարձաւ, որ Այնճար հայաւանի թաղապետերու ընտրութիւններուն համար ՀՅԴ-ի առաջադրած բոլոր թեկնածուները արդէն իսկ ընտրուած են` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Ընտրուած թաղապետներն են`
Եողուն Օլուք գիւղ` Յարութ Պետրոս Լաքիսեան
Պիթիաս գիւղ` Մովսէս Յովհաննէս Չափարեան
Վագըֆ գիւղ` Սերոբ Եսայի Սըգայեան
Հաճի Հէպէպլի գիւղ` Պարոյր Սիմոն Տուտագլեան
Քէպուսիէ գիւղ` Սարգիս Յակոբ Էքիզեան
Խտըրպէկ գիւղ` Վազգէն Նուպար Գալոշեան


