Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Ժամկէտներու Յետաձգման Զուգահեռ. Ապահովական Մարզը` Դարձեալ Առանցքային Հարց

Ապրիլ 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ քաղաքացիք կը պատրաստուին մասնակցելու քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութեանց, որոնց առաջին հանգրուանը կը սկսի Պէյրութէն` յառաջիկայ 8 մայիսին, անդին դէտեր անհաւանական կը նկատեն այդ ընտրութեանց շարունակումը նաեւ նախագահական թէ երեսփոխանական ընտրութեանց գծով: Արդարեւ, հակառակ այն լաւատեսութեան, թէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կրնան նախաքայլը դառնալ երկրի սահմանադրական այլ ժամկէտներու իրագործման, նախագահական ընտրութիւնները առ այժմ տակաւին առկախ կը մնան, այդ աթոռը թափուր պահելով երրորդ տարուան համար եւս: Իրազեկ դէտերու համաձայն, Հըզպալլա նախագահական երկու թեկնածուներուն զօր. Միշել Աունին եւ Սլէյման Ֆրենժիէին թելադրած է «համբերել», մինչեւ Սուրիոյ կացութեան վճռումը:

Ապահովական Մարզը` Առանցքային

Քաղաքական հիմնահարցերու տեղքայլի միջոցին, տեղական եւ արտաքին շրջանակներու ուշադրութեան առանցքը կազմեց երկրին ապահովական մարզը, ուր կարեւոր իրագործում արձանագրեց բանակը` սպաննելով ՏԱՀԵՇ-ի մէկ «իշխանը» եւ անոր ընկերակիցը եւ ձերբակալելով երրորդ մը:

Նմանապէս, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, որ Մոսկուայի մէջ ապահովական միջազգային համագումարին մասնակցեցաւ, առաջնահերթ նկատեց լիբանանեան բանակին զինումը` դիտել տալով, որ Լիբանան շրջանին մէջ ապահովութեան դէմ կանգնող պաշտպանողական առաջին պատուարն է:

Իր կարգին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ապահովութեան կայունութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ երաշխիք քրիստոնեաներու հանգստացման: Անոնք չափաւորութեան երաշխիքն են շրջանին մէջ, ընդգծեց պատրիարքը:

Նախորդը

Ահաբեկչական Վայրագ Յարձակումներուն Դէմ. «Լիբանան Պաշտպանութեան Առաջին Պատուարն Է» Յայտարարեց Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել

Յաջորդը

Ժընեւեան Մամուլը Կ՛անդրադառնայ Թրքական Միջամտութեան Մը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?