
Հիւսիսի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը երէկ` գլխաւորութեամբ Ասաատ Հարիրիի, այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսի, որուն հետ քննեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական կապերու զարգացման կարելիութիւնները:
Այս առիթով պատուիրակութիւնը թուրք դեսպանին առաջարկեց մաքսային թէ փոխադրական որոշ դիւրութիւններ ընծայել թրքական ապրանքներու ներածման եւ առհասարակ այս մարզի աշխուժացման առաջադրանքով: Պատուիրակութիւնը նաեւ թուրք դեսպանը հրաւիրեց այցելելու հիւսիսի շրջանը: Փոխադարձաբար դեսպան Էրճիյես պատուիրակութիւնը հրաւիրեց Թուրքիա:


