
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ճակատագիրին բարիքներէն է, որ Ժոմպլաթ ընտանիքին պատմուճանը զետեղուի իր զաւկին` Թայմուրի ուսերուն:
Ան աւելցուց, որ Թայմուրի հետ պիտի սկսի նոր հանգրուան մը եւ պատմութեան նոր էջ մը Լեռնալիբանանի, տիւրզի համայնքին եւ Լիբանանի համար:
Ան մաղթեց, որ այդ հանգրուանը շարունակականութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովէ` աւելցնելով, որ այդ նպատակին հասնելու համար իրենց պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պահպանել Լիբանանը, որովհետեւ անոր սպառնացող մարտահրաւէրները փորձերու արժանի են:


