
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Վիեննայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ օժանդակող երկիրներուն միջազգային խմբակի խորհրդաժողովին:
Իր խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Սուրիոյ արիւնալի բախումները ծայր առին, երբ Լիբանան կը դիմագրաւէր քաղաքական ապակայուն հանգրուան մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Սուրիոյ պատերազմը սկսաւ աւելի սաստկանալ:
Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական այդ ապակայուն եւ ծանր իրավիճակին վրայ աւելցան նաեւ սուրիացի գաղթականները, որոնց պատճառով սրեցաւ երկրին մէջ արձանագրուող համայնքային լարուածութիւնը:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանան կրցաւ համբերութեամբ տոկալ բոլոր մարտահրաւէրներուն` հետեւեալ հարցումը ուղղելով. «Սակայն մինչեւ ե՞րբ»:
Պասիլ նշեց, որ վերջին խորհրդաժողովէն ի վեր Լիբանանի կացութիւնը կը մնայ նոյնը` աւելցնելով, որ ապահովական իմաստով Լիբանան տակաւին կը դիմագրաւէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի վտանգը իր արեւելեան սահմաններուն կողմէ:
Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելը` հաստատելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ Լիբանանի մէջ գաղթականներու բնակեցումը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ միայն կայուն Լիբանանը կրնայ դրական կերպով նպաստել Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին:
Խորհրդաժողովէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ օժանդակող երկիրներու միջազգային խմբակը ընդառաջած է Լիբանանի առաջարկին եւ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ որդեգրած է «սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորող նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը» բանաձեւը:
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը կարելի չէ իրականացնել, եթէ սուրիացի գաղթականները Սուրիա չվերադառնան:


