Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբերու տագնապը պիտի չկրկնուի, եւ լիբանանցիները երկրին փողոցներուն մէջ աղբերը կուտակուած պիտի չտեսնեն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական հնգօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հարաւային Ափրիկէ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ բոլորէն պահանջուած է սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնել:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը նկատեց նոր Հենրի Քիսինճըր մը (Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար), որ Լիբանանի մէջ պատերազմ մը պիտի բռնկեցնէ, «սակայն մենք այդ պատերազմին պիտի մասնակցինք լիբանանեան միացեալ կեցուածքով, որովհետեւ 2016-ի Լիբանանը 1975-ի Լիբանանէն տարբեր է», աւելցուց ան:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահական ընտրութենէն առաջ կայացնելը շատ վտանգաւոր նախընթաց է:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ Պաթրունի քաղաքապետական ընտրութիւնները ժողովրդավարական մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ պիտի կատարուին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց յարաբերութիւնները ցնցումի պիտի չենթարկուին` աւելցնելով, որ իրենք տասնեակ մը քաղաքապետարաններու պարագային ընտրական դաշինք գոյացուցած են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի արտայայտութիւնները Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումին մասին խիստ մերժելի են:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցներու օրէնքը զինք թիրախ չի դարձներ, որքան անոր միջավայրը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ պիտի հրապարակուի միացեալ ընտրական ցանկ մը` Մուսթաքպալ հոսանքին եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ համաձայնաբար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը կը նշանակէ երկրին քաղաքական տագնապը պահել ինչպէս որ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ չեն ընդունելու համամասնական ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ իրենք հրաւիրուած են որդեգրելու այնպիսի կեցուածքներ եւ դասաւորումներ, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանի միասնականութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ համամասնական դրութիւնը առիթ կու տայ քաղաքական դասակարգին ընդարձակուելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելի է, իսկ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւն կատարելը նոր տագնապներ կրնայ յառաջացնել:

 

 

Նախորդը

Եգիպտական Ճամբորդատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ Միջերկրականի Մէջ

Յաջորդը

«Լիբանան Կը Դիմագրաւէ «Մարտահրաւէրներու Թունաւոր Խառնուրդ» Մը» Զգուշացուց Սիկրիտ Քաակ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.