Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կտրականապէս Կը Մերժէ Քաղաքացիութիւն Շնորհել Ուրիշին, Նաեւ Կը Մերժէ, Որ Ուրիշներ Հրաժարին Իրենց Քաղաքացիութենէն» Ընդգծեց Տըրպաս

May 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_committe_51816

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նախարարական նիստին, որուն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:

Նիստէն ետք Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նախարարական այս յանձնախումբին նիստերը բաց են` աւելցնելով, որ նիստին ընթացքին իմացած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կատարած յայտարարութեան մասին:

Ան նշեց, որ Քի Մուն սուրիացիներու բնակեցման մասին կատարած է յայտարարութիւններ, որոնք մերժելի են: «Լիբանան այցելութեան ընթացքին Քի Մուն ոչ միայն նման յայտարարութիւններ չէ կատարած, այլեւ անոնց հակառակ իմաստով կեցուածքներ արտայայտած է մեզի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին», շեշտեց Տըրպաս:

Ան աւելցուց, որ Քի Մուն ըսած է հետեւեալը. «Սուրիացի գաղթականները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք պէտք է ունենան»:

Տըրպաս ընդգծեց, որ Պան Քի Մուն եւ միջազգային ընտանիքը լաւ գիտեն, որ Լիբանանի կեցուածքը միացեալ է իր քաղաքական բոլոր ուժերուն, բոլոր համայնքներուն եւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն առումով:

«Մենք սուրիացի մեր եղբայրները հիւրընկալեցինք այնպէս, ինչպէս եղբայր մը կը դիմաւորէ իր եղբօր: Մենք առատաձեռն գտնուած ենք, եւ մղուելով մեր հայրենասիրութենէն, կտրականապէս կը մերժենք քաղաքացիութիւն շնորհել ուրիշին, ինչպէս նաեւ կը մերժենք, որ ուրիշներ հրաժարին իրենց քաղաքացիութենէն», հաստատեց Տըրպաս:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Ուժերուն Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պիտի Չազդուին Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքներէն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Շեհայէպ. «Նաամէի Աղբանոցը Վերջնականապէս Պիտի Փակուի»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.