
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ ողջոյնի արժանացան Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները` նկատի ունենալով անոնց ժողովրդավարական եւ խաղաղ բնոյթը:
«Այս իրականութեան շնորհիւ լիբանանեան ժողովրդավարական վարչակարգը աւելի եւս ամրապնդուեցաւ` կառչած մնալով ժողովրդավարական միջոցներուն», ընդգծեց պլոքը:
Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութեան ճիգերը` աւելցնելով սակայն, որ նախագահական ընտրութիւնը պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները բարեկարգելու իսկական անցքն է:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:


