Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ յարձակումը մերժելի է` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ դիմադրել ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցներուն:

ԺԵԶԶԻՆԻ մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութեանց թեկնածու Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Ժեզզին պիտի վկայէ քաղաքական ընտրապայքար մը: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Զիատ Շպիպ շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին քաղաքացիները արդէն իսկ պիտի սկսին շօշափել մայրաքաղաքին մէջ կատարուած աշխատանքները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի սակերը մնացած են անփոփոխ, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր դաշինքը ընտրական է եւ բարգաւաճման բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ անիկա քաղաքական դաշինք չի նկատուիր:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար նախագահական թափուր աթոռի դրութեան վերջ տալու հեռանկարները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցները տեղական առումով Հըզպալլան ջնջելու պատերազմի սանձազերծում կը նկատուին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի առաջարկէ համաձայնիլ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման նոր ուղեգիծի մը շուրջ, իսկ եթէ ատիկա անկարելի ըլլայ, ապա ան կոչ պիտի ուղղէ ներկայ օրէնքին` 1960-ի օրէնքին հիման վրայ կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ իրենք երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք էր կատարէին երեք տարի առաջ, իսկ նախագահական ընտրութիւնները` երկու տարի առաջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ յառաջիկայ չորս ամիսներուն ընթացքին, ընտրական նոր օրէնքի մը չվաւերացուելուն պարագային, իրենք պիտի ուղղուին դէպի 1960-ի ընտրական օրէնքի գործադրութիւն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին Թրիփոլիի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն առումով համախոհութիւն գոյանայ Ազզամ Աուիտայի անձին շուրջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ ընտրական օրէնք մը չմշակելու իրականութիւնը արգելք պիտի չդառնայ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադառնալու:

 

Նախորդը

«Մենք Առանձին Պատրաստ Ենք Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Քուէյթի Մէջ. Ժոմպլաթ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Քուէյթին` Լիբանանի Հանդէպ Ցուցաբերուած Մնայուն Զօրակցութեան Համար

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.