Լիբանանեան

«Դիմադրութիւնը Լիբանանի Իրաւունքն Է, Եւ Կարելի Չէ Զայն Խլել»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Դիմադրութիւնը Լիբանանի Իրաւունքն Է, Եւ Կարելի Չէ Զայն Խլել» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ լիբանանցիները շնորհաւորեց Հարաւային Լիբանանի ազատագրման 16-ամեակին առիթով: Իր օրուան հրահանգին մէջ Իպրահիմ յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին Դիմադրութեան եւ հարաւի ազատագրման տօնը կը զուգադիպի երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին, որ գլխաւորաբար կը դրսեւորուի նախագահական թափուր աթոռով, իսկ երկիրը կը դիմագրաւէ Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան վտանգները: Իպրահիմ շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի...

Ասիրի. «Լիբանանեան Քաղաքական Կամքն Է, Որ Պիտի Լուծէ Երկրին Տագնապը»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ լիբանանեան ներքին հարցերուն բնաւ միջամուխ չի դառնար, յատկապէս նախագահական ընտրութեան: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ գտնուած լիբանանցի ղեկավարները կը ներկայացնեն Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները: Ասիրի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի անկախութեան` նշելով, որ լիբանանցիներուն միջեւ հանդիպումը կը...

«Կը Մաղթենք, Որ Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ըլլան Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախաքայլը»  Շեշտեց Քաակ

«Կը Մաղթենք, Որ Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ըլլան Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախաքայլը» Շեշտեց Քաակ

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Քաակ դրուատեց ներքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կազմակերպելու իմաստով, մաղթելով, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ըլլան երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախաքայլը: Մաշնուք Քաակի հետ քննարկեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի տեղեկագիրին բովանդակութիւնը: Նշենք, որ...

«Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն Համարկումը Կամ Բնակեցումը»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն Համարկումը Կամ Բնակեցումը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Պոլսոյ մէջ գումարուող Մարդասիրութեան համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր սահմանադրութեան համաձայն չի կրնար ընդունիլ սուրիացի գաղթականներուն համարկումը կամ բնակեցումը, եւ կամ անոնց լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որ նման խորհրդաժողովի մը նախաձեռնած է, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին եւ կառավարութեան` այդ խորհրդաժողովը հիւրընկալելու համար:...

Մուքպել Զասիփքինի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանեան-Ռուսական Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Մուքպել Զասիփքինի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանեան-Ռուսական Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական զինուորական գործակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ Մուքպելի հետ քննարկած են նաեւ Մոսկուա կատարած անոր վերջին այցելութեան եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները: «Մուքպելի հետ մենք քննարկեցինք այդ հանդիպումին գոյացած...

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Սկսաւ Հրապարակել Հարաւային Լիբանանի Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Սկսաւ Հրապարակել Հարաւային Լիբանանի Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

Ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին ընդմէջէն երէկ կարելի եղաւ հերթաբար իմանալ հարաւային Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները: Արդիւնքներու շրջագիծին մէջ նախարարութիւնը թուային յստակ պատկերով մը անդրադարձաւ նաեւ Ժեզզինի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան եւ Ամալ Հիքմաթ Ապու Զէյտի արձանագրած յաղթանակին: Ըստ նախարարութեան արդիւնքներուն, Ամալ Ապու Զէյտ ստացած է 14.653 քուէ, իսկ անոր մրցակիցները` Իպրահիմ Սամիր Ազար` 7.759 քուէ,...

Հըզպալլա Դատապարտեց Թարթուսը Եւ Ժապլէն Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչական Արարքները

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Թարթուսը եւ Ժապլէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները, որոնք պատճառեցին հարիւրաւոր զոհեր: «Հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած այս սպանդները, որոնք կը կատարուին միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններուն օժանդակութեամբ եւ արաբական ծանօթ կողմերու հովանաւորութեամբ, սեւ ու չար մտայնութեան հետեւանք են եւ անոնց նպատակն է արաբական եւ իսլամական շրջանակներուն մէջ սարսափ ու քաոս պատճառել` իրականացնելու համար արաբ ժողովուրդին...

Ճոնզ Կը Դրուատէ Լիբանանի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Կայացումը

Ճոնզ Կը Դրուատէ Լիբանանի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Կայացումը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ճոնզ դրուատեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւնները` շեշտելով, որ այդ ընտրութիւններուն ընթացքին մեծագոյն յաղթանակը արձանագրողները լիբանանցիներն էին: «Քաղաքապետական ընտրութիւններուն կայացումը ցուցանիշ է, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններն ալ կարելի է կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին», շեշտեց Ճոնզ:

Քազզի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Հանդուրժել Սուրիացի Գաղթականներուն Կեցութիւնը»

Քազզի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Հանդուրժել Սուրիացի Գաղթականներուն Կեցութիւնը»

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք կարիքը չունէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի տեղեկագիրին` վստահ ըլլալու համար, թէ  սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու միտումներ գոյութիւն ունին, «որովհետեւ Սուրիոյ պատերազմը` իր բնոյթով եւ ընթացքով, անոր վերաբերեալ որդեգրուելիք դասաւորումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը բարելաւելու առումով Լիբանանի ներկայացուած պահանջները ցոյց կու տան, որ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ պիտի շարունակեն մնալ,...

Ալի. «Սուրիոյ Տապալումին Վրայ  Գրաւ Դրած Արեւմուտքն Ու Միջազգային  Ուժերը Ձախողած Են»

Ալի. «Եթէ Սէուտական Արաբիա Եւ Թուրքիա Կասեցնեն Ահաբեկիչներուն Սուրիա Ուղարկումը, Ապա Սուրիոյ Տագնապը Կը Լուծուի»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ բոլոր հարցերը կ՛աւարտին, եթէ զէնքի ու զինամթերքի հայթայթումը, ինչպէս նաեւ զինեալներուն հովանաւորութիւնը վերջ գտնէ: «Իսկ եթէ Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան ահաբեկիչներու ուղարկումը կասեցնեն, ապա սուրիացի գաղթականները Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եւրոպայի մէջ չեն մնար, եւ Սուրիա կը կարենայ իր զաւակներուն համար սնունդ, ապահովութիւն, արժանապատուութիւն եւ կայունութիւն երաշխաւորել», ըսաւ Ալի`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 26 մայիսին.  նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի խառն ընտրական օրինագիծը: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հերքեց Պրէօվէի քննութիւնները ջնջելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` հաստատելով, որ պետական բոլոր քննութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ սուրիացի...

Հարաւային Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Հարաւային Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Հարաւային Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութիւնը Հասաւ 48,15 Առ Հարիւրի, Իսկ Ժեզզինի Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ամալ Ապու Զէյտ Հարաւային Լիբանանի մէջ երէկ կատարուած ընտրութիւններով, աւարտեցաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն երրորդ փուլը: Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 48,15 առ հարիւր է: Իսկ...

Աշխատաւորներու Օրուան  Եւ Յոյն Ուղղափառներու  Աւագ Ուրբաթ Օրուան Առիթով.  Պաշտօնական Արձակուրդ` 29 Ապրիլին Եւ 2 Մայիսին

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Պոլիս

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ մեկնեցաւ Պոլիս, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու եւ կրթութեան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպասի եւ Էլիաս Ապու Սաապի: Վարչապետ Սալամ այսօր պիտի մասնակցի Մարդասիրութեան համաշխարհային խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը: Պոլիսէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելու գաղափարին շուրջ:  

Միշել Մուաուատ Եւ Թոնի Ֆրենժիէ Կոչ Կ՛ուղղեն Քուէարկելու Ի Նպաստ Զղարթայի Համախոհական Ընտրացանկին

Միշել Մուաուատ Եւ Թոնի Ֆրենժիէ Կոչ Կ՛ուղղեն Քուէարկելու Ի Նպաստ Զղարթայի Համախոհական Ընտրացանկին

Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ Զղարթայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Մուաուատ շեշտեց, որ Զղարթան քաղաքապետական ընտրութիւններու օրինակելի տիպար մըն է, որ ուսանելի պէտք է ըլլայ մնացեալ բոլոր շրջաններուն համար: Ան ընդգծեց, որ Զղարթայի քաղաքապետական ընտրութիւնները բարգաւաճման բնոյթ ունին եւ պիտի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան ունի դրամատնային առողջ մարզ մը եւ կրնայ գրաւել բոլոր ներդրողներուն ուշադրութիւնը: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ կառավարութեան նախորդ ժողովը եղած է դրական, յատկապէս բնակեցումը մերժելու իմաստով գոյացած լիբանանեան համախոհութեան առումով: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները ջնջած են...

Վարչապետարանին Մէջ .  «Լիբանանի Մէջ Բնակեցման Յառաջացուցած Գերզգայնութիւնը Հասկնալի Է Եւ Լաւագոյն Լուծումը Սուրիացի Գաղթականներուն Տունդարձն Է»  Շեշտեց Ռիչըրտ Ճոնզ

Վարչապետարանին Մէջ . «Լիբանանի Մէջ Բնակեցման Յառաջացուցած Գերզգայնութիւնը Հասկնալի Է Եւ Լաւագոյն Լուծումը Սուրիացի Գաղթականներուն Տունդարձն Է» Շեշտեց Ռիչըրտ Ճոնզ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ բնակեցման յառաջացուցած գերզգայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար հասկնալի է` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի կարծիքով` լաւագոյն լուծումը սուրիացի գաղթականներուն տունդարձն է, երբ պայմանները ներեն, «իսկ եթէ պայմանները ձեռնտու չեն, ապա զանոնք պէտք է այլ երկիրներու մէջ բնակեցնել», ըսաւ ան: Ճոնզ հաստատեց, որ Միացեալ...

«Պիտի Շարունակենք Աւելի Մեծ Թիւերով Ուղղուիլ Սուրիա, Որովհետեւ Համոզուած Ենք Մեր Պայքարին Արդարացիութեան Եւ Անոր Արձանագրելիք Յաղթանակին»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Պիտի Շարունակենք Աւելի Մեծ Թիւերով Ուղղուիլ Սուրիա, Որովհետեւ Համոզուած Ենք Մեր Պայքարին Արդարացիութեան Եւ Անոր Արձանագրելիք Յաղթանակին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլա կազմակերպած էր յիշատակի ձեռնարկ մը նուիրուած` Դիմադրութեան զինուորական ղեկավար Մուսթաֆա Պատրէտտինի (Զուլֆիքար) նահատակութեան: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին իր «շնորհաւորութիւնները» փոխանցեց Պատրէտտինի ընտանիքին, հարազատներուն եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Պատրէտտին Դիմադրութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն եղած է անոր շարքերուն մէջ եւ ստանձնած...

Ժըպրան Պասիլ Նամակ Մը Կը Յղէ Պան Քի Մունին

Ժըպրան Պասիլ Նամակ Մը Կը Յղէ Պան Քի Մունին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոն հրաւիրեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որմէ բացատրութիւն պահանջեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հրապարակած տեղեկագիրին բովանդակութեան մասին: Պասիլ Քաակի յանձնեց նամակ մը` ուղղուած Քի Մունին: Նամակին մէջ յստակօրէն ընդգծուեցաւ Լիբանանի մերժողական կեցուածքը երկրին մէջ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու կամ անոնց քաղաքացիութիւն շնորհելու իմաստով:...

«Արցախ» Ժապաւէնին Առաջին Բաժինը Սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն

«Արցախ» Ժապաւէնին Առաջին Բաժինը Սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն

Երէկ «էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սկսաւ սփռուիլ «Թահքիք» յայտագիրի փաստագրական ժապաւէնը` «Արցախ. ինքնութիւն եւ գոյացութիւն» խորագիրով, բեմադրութեամբ Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի: Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական-տեղեկատու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած ժապաւէնին երկրորդ բաժինը պիտի սփռուի յաջորդ ուրբաթ օր:

Վաղը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կը Կայանան Քաղաքապետական, Թաղապետական Եւ Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններ

Վաղը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կը Կայանան Քաղաքապետական, Թաղապետական Եւ Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններ

Վաղը հարաւային Լիբանանի մէջ կը կայանան քաղաքապետական, թաղապետական եւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ: Հարաւային Լիբանանի Սուր, Սայտա, Ժեզզին, Նապաթիէ, Պընթ Ժպէյլ, Մերժահիուն եւ Հասպայա գաւառները պիտի կատարեն քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ: Ժեզզինի մէջ պիտի կատարուին նաեւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ: Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ Սայտայի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքը բնական որակեցին` ընդգծելով, որ իրենք կը զօրակցին Սայտայի ներկայ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի...

Page 834 of 986 1 … 833 834 835 … 986

Արխիւներ