Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն Ֆրենժիէն է` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին հետ հանդիպելու առումով իրենք ոչ մէկ արգելք ունին, պայմանով որ հանդիպումին նպատակը ճշդուած ըլլայ:
Հարիրի հաստատեց, որ Հոլլանտ յանձնառու է Լիբանանի մէջ ստեղծուած նախագահական աթոռի թափուր դրութեան վերջ մը դնելու: Ան աւելցուց, որ այդ կացութիւնը կը վնասէ Լիբանանի տնտեսութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ անցեալ տարուան ընթացքին տնտեսական աճը արձանագրած էր զերօ տոկոս, իսկ այս տարուան ընթացքին համեմատութիւնը զերոյէն վար էր. «Այս կացութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանցիներուն վրայ», ըսաւ ան:
Հարիրի մաղթեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները քաջալերեն քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի անոնք լրջօրէն սկսին մտածել նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու մասին:
«Մուսթաքպալ հոսանքը ոչ մէկ խնդիր ունի, որ իրեն հակառակորդ քաղաքական ուժերը մեծամասնութիւն ըլլան եւ խորհրդարան ուղղուին զօր. Աունը նախագահ ընտրելու: Մենք ընտրական հոլովոյթը պիտի չարգելակենք, որովհետեւ ատիկա սահմանադրական իրաւունք չենք նկատեր», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ «Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող զօր. Աունի դաշնակիցները պէտք է իրարու միջեւ խորհրդակցին եւ լուծման յանգին եւ ոչ թէ իմ ինծի հետ խորհրդակցին եւ զիս համոզելու փորձեր կատարեն»:
Հարիրի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց ընդգծելով, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցին իսկական լուծումը պէտք է ըլլայ անոնց տունդարձով, որ մաս պիտի կազմէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման: