Մաշնուք Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Ներկայացուցիչները
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասըն: Հանդիպումէն ետք Լասըն շնորհաւորեց ներքին գործոց նախարարութիւնը, բանակն ու ապահովութեան ուժերը քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու համար` շեշտելով, որ այդ ընտրութիւններուն կայացումը կը փաստէ Լիբանանի կարողութիւնը ապագայ ընտրութիւններ կատարելու իմաստով: Լասըն ընդգծեց նախագահական եւ...

















