
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան նախագահեց Ազգային ազատ հոսանքի Ղինէի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց համաձայնութիւնը պահպանած է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց համաձայնութեան շնորհիւ պահպանուած է միջմարոնիական միասնականութիւնը:
«Մենք լիբանանեան քաղաքական մնացեալ բոլոր ուժերուն հետ համաձայնութիւններ ստորագրելու ճամբուն վրայ կը գտնուինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք անկեղծ են իրենց մօտեցումներուն մէջ:
Պասիլ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանը ձախող երկիր նկատել, երբ ան մէկուկէս միլիոն սուրիացի եւ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթական կրցած է հիւրընկալել:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի իրաւունքն է ունենալ արդար ընտրական օրէնքով ընտրուած խորհրդարան մը:


