
Շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ այս շաբթուան ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին նախարարներ Մոհամետ Սաֆատիի եւ Ֆայսալ Քարամէի հետ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի կը ծրագրէ այս շաբթուան ընթացքին սարքել իֆթար մը եւ հրաւիրել Հարիրին ու հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին:
Միւս կողմէ, Հարիրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


