ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող իր անցարգելներէն մէկուն վրայ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի խմբակ մը:
ԻՏԱԼԻՈՅ խորհրդարանի նախագահ Լաուրա Պոլտրինի երէկ կէսօրէ ետք եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Կը նախատեսուի, որ ան այսօր Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ապա հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ կառավարութեան հրաժարականով Լիբանան յաւելեալ վտանգներու պիտի ենթարկուի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ իրենց հրաժարականը եկած էր հաստատելու, որ
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ մասնակից դառնալ այնպիսի կառավարութեան մը, որ մեղսակից կը դառնայ նախագահական թափուր աթոռի դրութեան:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած պատճառաբանութիւնները` կառավարութենէն հրաժարելու իմաստով, այնպիսի պատճառաբանութիւններ են, որոնք կ՛ենթադրեն անոնց գոյատեւումը նախարարաց խորհուրդին մէջ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամէն պիտի խնդրէ, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին քննարկուելիք օրակարգին առաջին կէտը դարձնէ քարիւղի եւ բնական կազի արտաբերման աշխատանքներուն սկսելու թղթածրարը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ պէտք է ապօրինի համացանցի թղթածրարին բոլոր մեղսակիցները հաշուետուութեան կանչել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին եւ հայրերու տօնին առիթով մաղթեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը դառնայ լիբանանեան ազգային կեանքին հայրը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախարարներ Սըժաան Քազզիի եւ Ալեն Հաքիմի հրաժարականները սահմանադրական իրենց պարունակէն դուրս առնուած քայլեր են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահ ընտրել առանց ընդհանուր փաթեթներու մասին մտածելու` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն Սլէյման Ֆրենժիէն է:
ՀԱՄԱՍԻ մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ Համաս կառչած կը մնայ իսրայէլեան բռնատիրութեան դիմադրելու եւ տունդարձի իր իրաւունքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Սուրիոյ մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի Նապաթիէ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցիները Շուէտէն վտարելու մասին բոլոր տեղեկութիւնները անճիշդ են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն «Պլոմ» դրամատունը թիրախ դարձուցած պայթումին մասին հետաքննութեան արդիւնքներուն:
ԱՆԿԱԽ հոսանքի նախագահ Իսամ Ապու Ժամրա շեշտեց, որ Հըզպալլա այս հանգրուանին չի փափաքիր, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ ունենայ, որովհետեւ ոչ մէկ նախագահ կրնայ ապահովել անոր շահերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ յաջորդ երկխօսութեան ընթացքին պիտի քննարկուի «Պլոմ» դրամատունը պայթումի թիրախ դարձնելու թղթածրարը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց փրկելու Լիբանանի դրամատնային ամբողջ մարզը` աւելցնելով, որ պատժամիջոցները ցնցած են Հըզպալլայի բոլոր հիմերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին կոչ ուղղեց բոլորին, որ վերջ տան «ծափահարութիւն» ստանալու փոխարէն քաղաքական կեցուածքներ շահագործելու կեցուածքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը անտեղի է եւ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի վտանգաւոր կացութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզին դէմ ծրագրաւորուած «պատերազմ» մը կը մղուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը ամէն իմաստով պիտի ըլլայ ճակատագրական:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան դիմելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ աշխատանքի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարներուն հրաժարականները յետս կոչուին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի կրնայ իր կառավարութիւնը կազմել, եթէ համաձայն գտնուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Լիբանանը հարուածելիք պայթումներուն եւ սպանութիւններուն հաւանականութեամբ մտահոգ է:


