Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկրորդ անգամ ըլլալով կը մերժէ ընդունիլ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ այս ամսուան աւարտին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Ուաշինկթըն: Նշենք, որ Ուաշինկթընի պապական նուիրակը հանդիպումի ժամադրութիւն մը խնդրած էր Օպամայի գրասենեակէն, որպէսզի Ռայի պատրիարքը զայն տեղեակ պահէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին, սակայն այդ խնդրանքը մերժուած էր:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպում պիտի չկարենայ ունենալ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ` վերջինիս ճամբորդութեան պատճառով:
Հետեւաբար Ռայի պատրիարքին Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը պիտի ըլլայ զուտ հովուապետական: