Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Մտահոգութիւն Յայտնեց 2005-ի Բեմագրութեան Կրկնութենէն

June 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_61616

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստ մը գումարելու չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016-ին` քննարկելու համար ընտրական խառն օրէնքը, որ համամասնական եւ մեծամասնական օրէնքներուն խառնուրդը կը սեպուի:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին:

Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց, որ 2005-ին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք Լիբանանը հարուածած պայթումներու բեմագրութիւնը կրնայ կրկնուիլ` աւելցնելով, որ Հարիրիի սպանութեան ամբաստանութիւնը նախ ուղղուած էր Սուրիոյ դէմ, եւ ապա` Հըզպալլայի:

Պըրրի նշեց, որ Վերտանի պայթումին առաջին վայրկեանէն իսկ ակնկալած է, որ Հըզպալլայի դէմ ամբաստանութիւն կատարուի` աւելցնելով, որ նման պարագայի լաւագոյն ձեւը հետաքննութեան արդիւնքներուն սպասելն է:

Ան նշեց, որ նման պարագաներու ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքն է, որ կը հետապնդէ հարցը` ստուգելով շրջանին մէջ զետեղուած տեսախցիկներուն բովանդակութիւնը եւ իմանալով, թէ պայթումը գործող ոճրագործը ինչպէ՛ս հասած է Վերտան:

«Ապահովական կառոյցին տեղեկութիւնները ցոյց չեն տար, թէ ոճրագործները հասած են Այն Թինէ եւ անոր շրջակայքը գտնուող ապահովական գօտի: Ամէն պարագայի պէտք է լուռ սպասել եւ հարցին լուծումը վստահիլ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարութեան, որուն վրայ կոյր վստահութիւն ունինք», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով ամերիկեան պատժամիջոցներուն` Պըրրի յայտնեց, որ կարգ մը դրամատուներ սխալած են`  աւելցնելով, որ այլ դրամատուներ ալ սխալած են նախքան ամերիկեան պատժամիջոցներուն հրապարակումը` ընդգծելով, որ ինք համաձայն է Լիբանանի մէջ գործադրելու լիբանանեան օրէնքները եւ այն գործառնութիւնները, որոնք կը պարտադրուին Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

«Ամերիկեան պետական պիւտճէի նախարարութեան օգնական Տենիըլ Կլէյզըրի հետ հանդիպումիս ընթացքին ամերիկեան պատժամիջոցներուն գործադրութեան մասին շարք մը հարցումներ ուղղեցի անոր` հաստատելով, որ ես Հըզպալլայի հետ մեծագոյն գործակցողն եմ, եւ ընդգծեցի անոնց, որ ամերիկեան դրամատնային պատժամիջոցները պիտի քանդեն Լիբանանը», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Սուրիացի Մը, Որ Կը Ծրագրէր Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձնել Բանակի Անցարգելներէն Մէկը

Յաջորդը

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Սուրիացի Գաղթականներուն Հանդէպ Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնէ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.