Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին կարելի եղած է նախարարաց խորհուրդի աշխատանքները վաւերացնել. ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը բոլոր թղթածրարները նման դրական մօտեցումով քննարկէ, յատկապէս այն հարցերը, որոնք քաղաքականութեան հետ որեւէ կապ չունին եւ լարուածութիւն չեն յառաջացներ:
Արայժի աւելցուց, որ ինք կը մաղթէր, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները իրենց հետ ըլլային նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ իրենց համար հրաժարականները անբաղձալի են: «Կը նախընտրենք, որ քաղաքական բոլոր կողմերը իրենց աշխատանքը կատարեն Նախարարաց խորհուրդին ընդմէջէն», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ իր կարծիքով` մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն պիտի չկատարուի` նկատի ունենալով շրջանային եւ յատկապէս սուրիական իրադարձութիւնները: