Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Կառավարութիւնը Յանձնառու Կը Մնայ Երկրին Ապահովական Եւ Դրամատնային Կայունութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յունիս 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mc_61616

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ալի Հասան Խալիլ, Սըժաան Քազզի, Ռաշիտ Տըրպաս եւ Ալեն Հաքիմ:

Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դարձեալ կոչ ուղղած է ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու`  նկատել տալով, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը անկարելի կը դառնայ կանոնաւորել:

«Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Սալամ ցաւով անդրադարձաւ նախարարներ Սըժաան Քազզիի եւ Ալեն Հաքիմի հրաժարումին` նշելով, որ զոյգ նախարարները իրենց ստանձնած պարտականութեան մէջ դրուատիքի արժանի աշխատանք տարած են», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սալամ ակնարկած է «Պլոմ» դրամատունը պայթումի թիրախ դարձնելու արարքին` շեշտելով, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ երկրին ապահովական եւ դրամատնային կայունութեան: Ժրէյժ նշեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամ ներկայացուցած է Կեդրոնական դրամատան եւ Դրամատուներու միութեան մակարդակով որդեգրուած դասաւորումները:

Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը յետաձգեց հաղորդակցութեան մարզի թղթածրարին քննարկումը եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպին յանձնեց «Օժերօ»-ի եւ հաղորդակցութեան մարզին մասին մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստելու պատասխանատուութիւնը, յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին:

Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Լիբանանի եւ Ռումանիոյ միջեւ զինուորական համաձայնագիրի մը գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ընդունած է կարգ մը նախարարութիւններուն եւ ընդհանուր տնօրէնութիւններուն ներկայացուած նիւթական նպաստները:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը Ժաննէի ջրամբարին եւ Պետական անվտանգութեան կառոյցի պետի նշանակման հարցերը չէ քննարկած` նկատել տալով, որ այդ երկու թղթածրարները քննարկելու նպատակով յատուկ նիստ պիտի գումարուի:

Ժրէյժ մաղթեց, որ Քազզի եւ Հաքիմ ետդարձ կատարեն իրենց հրաժարականէն, որ տակաւին գրաւոր չէ ներկայացուած կառավարութեան:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Սուրիացի Գաղթականներուն Հանդէպ Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնէ»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Կրթական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթը Ներառելու Հարցի Քննարկում

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?