Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որ յայտնեց, թէ Ֆիթրի տօնէն ետք նախագահական ընտրութեան առումով դրական զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի եւ Անթուան Մերհեպ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ հաստատեց, որ նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին կարգ մը նախարարներու նպատակն էր յետաձգել հաղորդակցութեան մարզին վերաբերող թղթածրարին քննարկումը: Ան նշեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ «Օժերօ»-ի մասին մանրամասն տեղեկագիր պատրաստելու:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ իրենք իբրեւ հրաժարեալ նախարարներ պիտի շարունակեն իրենց նախարարութիւններուն ընթացիկ աշխատանքներուն հետեւիլ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աունին անկեղծօրէն զօրակցած են` աւելցնելով սակայն, որ աւելի ուշ նկատած են, թէ անոր ընտրութեան առիթները նուազած են:

ԱՐՍԱԼԻ բարձունքներուն վրայ Ուաէլ Ֆլիթի ՏԱՀԵՇ-ի անդամի մը ընկերակցութեամբ կրակ բացաւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ Ժիհատ Իզզէտտինի դէմ եւ վիրաւորեց զայն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները իրաւամբ ցնցած են Հըզպալլայի սիւները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարը ազգային ամբողջական հարց է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան յետս կոչելու իրենց նախարարներուն հրաժարականները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ «Օժերօ»-ի նախագահ Ապտել Մենեմ Եուսեֆ այսօր կ՛ամբաստանէ անոր, որ նախապէս զինք պաշտպանած է, «պարզապէս որովհետեւ այս օրերուն շահերը այդպէս կը պահանջեն», աւելցուց ան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա խորհուրդ տուած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին` բաց քաղաքականութիւն վարելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ շեշտեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը կարելի պիտի ըլլայ ընտրել, երբ շրջանային պայմանները ձեռնտու ըլլան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ տեղական եւ շրջանային առումով բոլոր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ նախագահական ընտրութիւնը տակաւին ձեռնտու չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Պասեմ Շապ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզին դէմ յարձակում գործուած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պատասխանատու է իր նախարարներուն հրաժարականին` աւելցնելով, որ իրենք չեն ընդունիր բոլոր ուժերը փտածութեամբ ամբաստանել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութենէն հրաժարելու իրենց որոշումը լուրջ է եւ ոչ թէ խուսանաւում:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քրիստոնեայ հոգեւորականներէ` կը գրէ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն կացութիւնը զիրենք կը մղէ սարսափելու:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Ռմբակոծած Է Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը Վայելող Սուրիացի Ընդդիմադիրներ

Յաջորդը

Արայժի. «Կը Նախընտրենք, Որ Քաղաքական Բոլոր Կողմերը Իրենց Աշխատանքը Կատարեն Նախարարաց Խորհուրդին Ընդմէջէն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.