Արսլան. «Համամասնական Օրէնքն Է, Որ Կ՛երաշխաւորէ Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Արդար Ներկայացուցչութիւնը»
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Խալտէի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ամբողջական համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքը կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն արդար ներկայացուցչութիւնը: Արսլանի համաձայն, համամասնական եւ մեծամասնական դրութեանց վրայ հիմնուած խառն ընտրական օրէնքը անկարելի է, որ վաւերացուի, որովհետեւ անիկա փտածը եւ բարեկարգչականը իրարու կը միախառնէ, հետեւաբար անկարելի...


















