Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Նախարար Ժրէյժի Եւ Սաապի

June 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jreyj_samuel_62316

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հայաստանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մկրտչեան յայտնեց, որ Ժրէյժի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը` տեղեկատուական մարզին մէջ:

Մկրտչեան շեշտեց, որ լսատեսողական մարզի եւ գրաւոր մամուլի արձանագրած զարգացումներուն առընթեր կարեւոր է, որ  մարդիկ տեղեկութիւնները ստանան վստահելի աղբիւրներէն:

Մկրտչեան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները երկուստեք կարեւոր են, յատկապէս Հայաստանի համար: «Հայաստան ճիգ պիտի չխնայէ տեղեկատուութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով», եզրափակեց դեսպան Մկրտչեան:

Այցելութիւն` Ազգային
Լրատու Գործակալութեան Կեդրոն

samuel_laure_sleiman_62316

Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց նաեւ Ազգային լրատու գործակալութեան կեդրոն, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ գործակալութեան նախագահ Լոր Սլէյման-Սաապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական մարզին մէջ Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան հեռանկարները:

«Նկատի ունենալով, որ Ազգային լրատու գործակալութեան լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզի պաշտօնական աղբիւրն է, ապա կարեւոր է, որ անոր եւ Հայաստանի պաշտօնական լրատուութեան միջեւ գործակցութիւն արձանագրուի», ըսաւ Մկրտչեան: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան եւ հայկական կողմերը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն այս գործակցութեան:

 

Նախորդը

Պըրրիի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Կառավարութեան Գործունէութիւնը Պէտք Է Աշխուժացնել» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան 41-րդ Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.