Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Փորթոլանօ Գումարեց Իր Վերջին Նիստը

Յունիս 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

portolano_62416

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ գումարեց Լիբանանի մէջ ապահովական իր վերջին նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող երկիրներու դեսպաններ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը:

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնուեցաւ, որ զօր. Փորթոլանօ շնորհակալութիւն յայտնած է հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան ծառայող բոլոր երկիրներուն եւ անոնց զօրամասերուն, որոնք անցնող երկու տարիներուն ընթացքին զօրակցած են իրեն:

Զօր. Փորթոլանօ դրուատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը ոչ միայն հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան հսկելու իմաստով, այլ նաեւ լիբանանեան բանակը հզօրացնելու առումով:

Զօր. Փորթոլանօ ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իրենք ոչ մէկ ճիգ խնայած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը նիստին մասնակիցներուն ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը` հաստատելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան ու անոնց քաղաքական ու հոգեւոր պատասխանատուներուն միջեւ տիրող համերաշխութեան շնորհիւ հեզասահ է:

Զօր. Փորթոլանօ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայ աւելի քան տասը հազար զինուոր, որոնք կը ներկայացնեն 40 երկիրներ, վարչական առումով ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնեաները կը հաշուեն հազար հոգի, ինչպէս նաեւ կայ ծովուժ, որ խաղաղապահ ըլլալու իր տեսակին մէջ միակն է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նիստին ընթացքին խօսք առած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ:

 

 

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալի Երկխօսութեան 30-րդ Նիստը Գումարուեցաւ Պըրրիի Ներկայութեամբ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վերաշինութեան Եւ Բարգաւաճման Խորհուրդի Աշխատանքներուն Ընդհանուր Արժեւորում Մը Կը Կատարէ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?