Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վերաշինութեան Եւ Բարգաւաճման Խորհուրդի Աշխատանքներուն Ընդհանուր Արժեւորում Մը Կը Կատարէ

June 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

cabinet_62416

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:50-ին գումարեց այս շաբթուան իր երկրորդ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ըսաւ. «Կառավարութեան այսօրուան նիստը կը նկատուի նախարարաց խորհուրդի աշխատանքներուն մէջ արձանագրուած նոր հոլովոյթի մը սկիզբը: Կառավարութիւնը իր ընթացիկ նիստերուն կողքին պիտի գումարէ արտակարգ նիստեր, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին շտապ որոշումներու կարիք ունեցող թղթածրարներ»:

Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին հրաւիրուած էր Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը, որուն աշխատանքներուն եւ ստանձնած ծրագիրներուն ընդհանուր քննարկումը կատարուեցաւ:

Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը բոլոր նախարարութիւններէն պահանջեց, որ յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին ուշադրութեան յանձնեն նախարարութիւններուն վերաբերող այն ծրագիրները, որոնք 2008-էն սկսեալ մինչեւ օրս գործադրուած են եւ կամ գործադրութեան ընթացքին մէջ կը գտնուին:

«Կառավարութիւնը Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդէն պահանջեց իր գործադրած ծրագիրներուն մասին մեկնաբանութիւններ կատարել, եւ մէկ ամսուան ընթացքին պատրաստել ընդհանուր ծրագիր մը` իր կատարած բոլոր աշխատանքներուն մասին», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին կատարուեցաւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին աշխատանքներուն արժեւորումը` մեկնելով այն իրականութենէն, որ պետական բոլոր հաստատութիւնները հաշուետուութեան ենթակայ են:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը երեքշաբթի, 28 յունիսին պիտի գումարէ ելեւմտական կացութեան յատուկ նիստ մը, իսկ հինգշաբթի, 30 յունիսին` ընթացիկ նիստ մը:

Մեկնումի պահուն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի աշխատանքները արժեւորելու այս նիստին ընթացքին ի յայտ եկած է, որ լիբանանեան պետութեան ծրագիրներուն 81 առ հարիւրը կը գործադրուի մէկ մարմինի կողմէ, «ինչ որ անընդունելի է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրները գործադրելու չափանիշ գոյութիւն չունի այլեւս:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Փորթոլանօ Գումարեց Իր Վերջին Նիստը

Յաջորդը

«Լիբանանի Ապագան Ու Ճակատագիրը Կարելի Չէ Անջատել Սուրիայէն Եւ Իրաքէն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.