Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ սպառնալիքներու տակ գտնուող Լիբանանը կարիքը ունի ազգային յաւելեալ միասնականութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի ամէնէն վտանգաւոր, անկիւնադարձային եւ ճակատագրական փուլին մէջ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը կը գոյատեւէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեամբ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ նախարարները քաղաքացիներուն նման կը սպասեն քարիւղի եւ բնական կազի պեղման առումով բարձրանալիք սպիտակ ծուխին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց աշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքները, որովհետեւ երկրին պայմանները յաւելեալ թուլացում չեն հանդուրժեր:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ կայ յստակ որոշում մը` կառչած մնալու կառավարութեան աշխատանքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ալի շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերը Սուրիոյ շահերուն ի նպաստ պիտի ըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց լիբանանեան ներքին կայունութիւնը ամրապնդելու` անսալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր ընդգծեց, որ կառավարութենէն Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը ոչ մէկ ձեւով կը սպառնայ նախարարաց խորհուրդի հրաժարականին կամ անոր քայքայումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ Բրիտանիա շատ աւելի մօտ է Միացեալ Նահանգներուն, քան` Եւրոպական Միութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կառավարութենէն հրաժարելու միտք չունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի լուսանցքայնացնելու լիբանանեան սահմանադրութիւնը եւ նախագահական ընտրութիւն չկատարելու:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ապօրինի համացանցի թղթածրարին կապուած քննարկումները աւարտեց:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարգ մը հեղինակութիւններ լուսարձակներէ հեռու ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ համախոհութիւն մը գոյացնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Բրիտանիան Դուրս Կու Գայ Եւրոպական Միութենէն

Յաջորդը

Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալի Երկխօսութեան 30-րդ Նիստը Գումարուեցաւ Պըրրիի Ներկայութեամբ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.