
Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել երէկ իր հրաժարականը պաշտօնապէս ներկայացուց խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի:
Ֆատել յայտնեց, որ իր հրաժարականը վերջնական է` հաստատելով, որ ինք հրաժարեալ երեսփոխան մըն է, որ այսուհետեւ խորհրդարանական իր պարտականութիւնները պիտի չկատարէ:
Ֆատել յայտնեց, որ ինք առաջին անգամ մերժած է խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, իսկ երկրորդ երկարաձգումին պարագային մերժած է ստանալ ամսական իր աշխատավարձը:
 
			

